Յովհաննէս Ասպետ: ԳԵՐԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ
Յուլիսեան խաղաղ կէս գիշերին,
Լուսնին արծաթեայ լոյսին տակ,
Մենք ձեռք ձեռքի կը քալէինք ուղիներէն,
Հսկայ ծառերու կիսամութ ստուերներուն տակ,
Թմբիներու քաղցրածորան օծումին մէջ հարբա՜ծ,
Երբեմն ցանկապատին յենած կողք կողքի,
Մենք կը դիտէինք մեծ լուսնակին,
Կարծես թէ ան շատ մօտ էր մեզ:
Գիշերուան կախարդուած օդին մէջ,
Չնաշխարհիկ համակրանք մը կար, մտածում մը երջանիկ,
Որ մեր դրդում սիրտերը կը մտերմացներ իրար.
Ուշ գիշերին մէջ իր սրտագին նուիրումը՝
Ա՛լ աւելի խորհրդաւոր էր ու նշանակալից,
Որ իմ լլկուած, ընդարմացած յոյզերը կենսանորոգէր.
Ո՜հ, ես իր սիրոյ առաջին համբոյրին մէջ հրանուտ,
Իմ վաղեմի անկենդան սէրերը մոռացումի մատնեցի,
Իմ յուզումնահար ու տագնապալի յոյզերը խաղաղեց.
Այս իրիկուն իմ անդարման տակաւութիւնը հոգւոյս,
Իր սիրոյն հանդարտ ջուրերուն մէջ լուացի.
Իմ շղթայուած կաշկանդումներէս,
Լոյս րոպէին մէջ ինձ ազատ արձակեց,
Եւ մեղմաբար իմ հոգին անզուգական,
Քաղցրութեան մը մէջ թաթխեց,
Ու ոռոգեց իմ ծարաւի սիրտս:
Գիշերային աներեւակայուած երազ մըն էր ան,
Թէ երկնային հրեշտակի մը յայտնութիւնը՝
Իրօք մեր սերտ հաղորդումին մէջ կար սէր մը եզակի,
Սրտագին ծորում մը գերերջանիկ.
Ուստի նա իր արբշիռ հիացումէս թեւարկած,
Փարթամօրէն ինձ փոխադրեց իր սիրոյ արքայութեանը մէջ,
Եւ սոյն պահին ինձ այնպէս թուած,
Որ սկզբնաւորութիւնն էր մեր յաւերժասիրութեան.
Հոգիս իր քաղցրութիւններով թանձրացած,
Իրեն համար անվերապահ պաշտում ունէր:
Այս իրիկուն ես իմ անհուն հրճուանքէս մղուած,
Իր ձեռքը բռնած,
Ինք տարի իմ պարտէզը ծիրանի.
Ու հապա նա իմ հոգւոյս փարած ինձ տարաւ,
Մինչե՜ւ երանութեան աղբիւրները:
1968 Lamorlaye-France
Ձօնուած Ժօաննային Յովհաննէս Ասպետ
No comments:
Post a Comment