Յովհաննէս Ասպետ ՄԵՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ
Ո՜վ Տէր Աստուած,
Մեր նահատակներու
Տառապանքին,
Պաղատանքին,
Ցաւին ու վէրքին,
Անոնց աղօթքի,
Վերջին յոյսին,
Տաժան մահուան,
Անյաղթ հաւատքին
Իրենց լաց ու կոցին մէջ,
Քու արիւնագամ
Խաչին բարձրացան,
Քու ցաւին միաձայն,
Իրենց վերջին շունչով,
Աղերսական կանչերով,
Աղաղակեցին քեզ.
Աստուա՜ծ իմ, Աստուա՜ծ իմ,
Ինչո՞ւ մեզ թողուցիր:
Յովհաննէս Ասպետ
Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է Ֆրանսայի Բանբեր պարբերաթերթի Մարտ-Ապրիլ 2017 թիւին մէջ
No comments:
Post a Comment