Յովհաննէս Ասպետ։ ԱՍՏՂԻ ՄԸ ՏԱԿ
Ձօնուած Ժօաննային
Յեղ իմ երբեմնի խոհերուս մէջ թախծոտ,
Մենաւոր կայներ կը խորհէի անձկանօք,
Յուշիկ դու եկար իմ մօտը՝ քու խանդոտ,
Սիրող սրտով սփոփելու սրտիս մորմոք:
Մենք աստղի մը տակ եկեր ենք գով գովի,
Անքակտելի սիրով մը սիրեր ենք զիրար,
Դուն ընծայեր ես ինձ քո՛ւ սիրտը կորովի,
Երկնային կայծ մը հրկիզեր է մեզ իրար,
Այն օրէն ի վեր մեր սիրտը ընդմիշտ կ՛այրի:
Յովհաննէս Ասպետ
No comments:
Post a Comment