Saturday, December 21, 2019

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ: ՅԻՇԱՏԱԿ


Մօրս՝ Այտային
(1933-2019)

Կը տեսնեմ քեզ ամեն կիրակի
երբ քովս նստած
կը հարցնես ամուսնոյդ մասին
առանց նկատելու
առանց յիշելու թէ
արդէն տարիներէ ի վեր
զինք չես …։

Կ՚այցելեմ քեզ ամեն կիրակի
երբ կը փորձես հանգչիլ, ու
շրջապատուած ընտանեկան
նկարներով, կը հարցնես
ո՞վ են այս կամ այն անձերը։

Համբերութեամբ կը կրկնեմ
բայց չես ճանչնար այլեւս՝
քոյրդ ու իր զաւակները
հայրդ ու մայրդ,
երբեմն իսկ եղբայրս,
ու կը նշմարեմ թէ
ես ալ կամաց կամաց կը …։

Կը տեսնեմ քեզ ամեն կիրակի
երբ հետզհետէ կը թոռմիս։

Պիտի տեսնեմ քեզ ամեն կիրակի,
մինչեւ հանգչիս մայրիկ ճան
մինչեւ …։

Նիւ Եորք


Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ

No comments: