Thursday, August 26, 2021

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ: ԱՂԱՒՆԻՆԵՐԸ

Դրացիներս փոխադրուեցան.

մէկը, ապա երկրորդը

կամաց-կամաց

հաւաքեց ապրանքները.

մէկ առ մէկ

պարպուեցան տուփերը

ու քաշեցուաւ դուռը։


Հիմա՝ յարկաբաժինը

պարապ է ու

կամաց-կամաց

աղաւնիները կու գան

ուր որ երաժիշտները

կ՚ապրէին։


Իրիկուան դէմ,

քով քովի նստած

ամեն պատուհաններուն սեմին՝

աղաւնիները կարծես մտիկ կ՚ընեն

ներսի ստուերները

ինչպէս ես՝

մեղեդիներուն յիշատակը։


Նիւ Եորք


Լոյս տեսաւ Օգոստոս 2021 Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ։

1 comment:

Unknown said...

Սրտամօտիկ եւ գրաւիչ քերթուած !