Monday, April 25, 2022

Գիրք մը - հեղինակ մը՝ Զահրատ ԲԱՐԻ ԵՐԿԻՆՔ

Չար բաներ


Գացէք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան
Որ չըլլայ թէ պատահին
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն
Համն ու հոտը խաթարելու չհասնին

Չար բաներուն բարև ըսէք մեր կողմէն

Ըսէք գիտենք թէ անոնք կան ու միշտ կրնան պատահիլ
Ըսէք գիտենք թէ կրնան
Օր ցերեկով մութ գիշերով յանկարծակի գալ մեզի

Բայց դուք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան
Որ չըլլայ թէ պատահին
Կամ երբ ըլլան հեռու մնան մեր այս պզտիկ աշխարհէն

Քանի որ դուք չէք գիտեր ինչ
Քանի անոնք չեն գիտեր ինչ
Սէր ու սիրով
— Մերթ կենսուրախ — շաղ ու շողով
— Մերթ յուսաբեկ—ահ ու դողով —
Շիւղ շիւղի

Շիներ ենք մենք մեր աշխարհը լոյս օրերու հիւրընկալ —
—Պզտիկ աշխարհ մը որ հազիւ հազ կրցեր է պարտկել
Մեր պզտիկ կեանքն ու մեր անդորրը ջերմիկ—

Այս բոլորը գացէք ըսէք չար բաներուն — և ըսէք
Որ չըլլայ թէ պատահին —
Երբ պատահին հեռու մնան մեր այս տաքուկ երդիկէն
Համն ու հոտը խաթարելու չհասնին


Զահրատ «Բարի Երկինք», Իսթանպուլ 1971




1 comment:

Unknown said...

Այս քերթուածը շատ ատենին եւ սիրելի է: Ո’վ է անոր հեղինակը: