Showing posts with label Lebanon. Show all posts
Showing posts with label Lebanon. Show all posts

Friday, March 08, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ: ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ



Այն օրէն երբ
Արժէք տրուեցաւ կեղեւին՝ քան միջուկին,
Երեւոյթին՝ քան որակին,
Ձեւին՝ քան խորքին,
Շպարին, եւ ո´չ արժէքին,

Այն օրէն ասդին
Մենք դարձանք անդիմագիծ,
Կիսադատարկ,
Միջակութեանց մէջ տուայտող
Ամբոխ մը՝
Հետեւող,
Անգոյն,
Հոսանքին հետ գահավիժող:

Այն օրէն ասդին
Երբ աշխարհ վերածուեցաւ աշխարհատարած ցանցի,
Ու վերացան սահմաններ, գիծեր բաժանումի,
Մենք դարձանք արածող երամակներու նման
Հրամցուածը անյագուրդ սպառողի
Զանգուած մը՝ անտարբեր, անտէր, անջրդի...


Այն օրէն ասդին
Մենք զոհերն ենք բագինին վրայ
Մեզ զոհաբերող քուրմերուն,
Հի՜ն աստուածներուն,
Կրեսոսներուն,
Ու մամոնային՝ շլացուցիչ...

Այն օրէն ասդին
Մենք զոհեցինք մեր անցեալը
Գալիք անմխիթար ժամանակներուն...

Այդ օրէն ասդին
Նոր աշխարհ է մեր ոտքերուն տակ:

Thursday, March 07, 2013

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ։ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌ




Ա՛յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Այդ բոլորը որ տեսար
Այդ բոլորը որ եղար
Ի՞նչ արժեն այս անհաշիւ աշխարհի
    հաշուեցոյցերուն մէջ մանրազնին։
Եւ այն ինչ լսեցիր ու մոռցար,
Եւ այն ինչ մրոտեցիր ու մոռցուեցաւ,-
Ի՞նչ արժեն այս անհոգի աշխարհի
Կաճառներուն մէջ փառապանծ,
            տաճարներուն մէջ խուլ։
Ա՛յն ինչ տեսար ու ապրեցար,
Եւ այդ բոլորը որ այգեկութքի ճնշեփին նման
         մղկտացին ամէն րոպէ, անդադար,
Ի՞նչ արժեցին տոմարներուն մէջ հաշուետուութեան,
Եւ ա՜յն ինչ խորհեցար,
Զոր նզովեցիր բայց չմոռցար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի օրուան աւարտին,
Երբ ճիրաններուն մէջ խուլ գիշերին
Հոգիդ բզկտելով արիւնեցիր վարար,
Ի՞նչ տուաւ քեզի այս աշխարհը ապերախտ։
Այն բոլորը որ սիրեցիր
Այն բոլորին որ տենչացիր
Բայց չգտար, մոռցար մէկ առ մէկ,
Ջլատեցին հոգիդ ու անցան,
Փոթորիկներ ցնցեցի՞ն քեզ երբ հեռացան,
Ի՞նչ արժեցին քեզի՜ որպէս թիւ ու հաշուարկ՝
Հաշուեմատեանին մէջ պատառուն,
Բացի խայտանքներէն չկիսուած։
Այդ բոլորը որ ապրեցար
Այդ բոլորը որ տեսար, զգացիր խորապէս,
Ի՞նչ արժեցին քեզի
Ի՞նչ արժեցին աշխարհին
Ու ի՞նչ տուաւ քեզի քու շրջապատդ՝
         որպէս պարտամուրհակ անվճար։
Այն բոլորը որ սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Բաւարար չէի՞ն միթէ տանջուած հոգիիդ յար,
Որ տոմարին մէջ հաշուետուութեան,
Դուն քեզ հարուստ նկատէիր օրուան աւարտին,
Ու երբ հնչէր ժամը, ղօղանջը գուժկան,
Դուն քեզ երջանիկ մա՜րդ զգայիր խորապէս...։
Այն բոլորը որ սիրեցիր,
Այն բոլորը որոնցմէ սիրուեցար,
Միմիայն անո՜նք
Չեղա՞ն հոգիիդ հունձքը` օրուան վերջին...։

Sunday, January 06, 2013

Գիրք մը Հեղինակ մը՝ Վահէ-Վահեան ու «Յուշարձան Վահրամիս»

Պէյրութ 1977

Վահէ-Վահեան 1908-1998


Vahé-Vahian (Born Sarkis Abdalian)


ա

Սիրտս՝ հրաբո՜ւխ, աչքերս՝ ակո՜ւնք լաւայի…
-- Մի՜ մօտենաք, բարեկամնե՜ր, չվառի՜ք։

Որ չդառնամ ամպ ու անձրեւ, ով մարդի՜կ,
Ձեր նայուածքո՛վն անգամ ինծի չդպչի՛ք։

Արեգակն էր՝ մութիս վերեւ իմ ծագած,
Ինչպէ՛ս այսքան վաղ ու վռազ իջաւ ցած։

Հոգիս՝ բուրվառ, իմ յիշատակն -- ազնիւ խունկ --
Կ՛ըլլայ իմ մէջ կապուտակ ծուխ ու բուրմունք։

Ե՞րբ պիտի, ե՛րբ բացուի ճամբան, որ անկանգ
Հասնիմ իրեն, եւ անբաժան միանա՜նք…

(Գրուած՝ Լոնտոն-Ապու Տապի սաւառնակին մէջ։)

1 Ապրիլ 1976




My heart; a volcano, my eyes; fountains of lava...
Do not approach me, friends, lest you burn.

That I may not turn to clouds and rain, O you people,
Do not touch me, not even with your glances.

He was my son, dawning upon my darkness,
How he went down so early and so soon.

My soul; a censer, his memory – noble incense –
Turns in me blue fumes and perfume.

When shall, when will, the path be clear,
That with no more interruptions,

I may reach him, never to part again, in eternal union.

Translated by Hovhanness I. Pilikian

I may reach him, never to part again, in eternal union,part again, in eternal union,




Saturday, December 01, 2012

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ։ ՁՄՐԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐՈՒՄ

Դու յիշո՞ւմ ես
կախարդական ու կախարդո՜ւած գիշերը մեր
ձիւն էր գալիս մեր սարերում -
չկա՜ր ճնշում, չէինք շտապում
եւ յիշո՞ւմ ես, իմ սիրելի
ձիւն էր գալիս մեր սրտերում
մաքուր, յստակ, թարմ ու անբիծ -
օրհնութի՛ւն էր մեր լեռներում

Մենք, մանկացած`
յանձնուեցինք այդ գիշերուայ կախարդանքին
ու վերացած մենք մեր սիրով
սուզուեցինք խորն այդ օրհնանքին
ու քայլեցինք
զուարթ, անհո՜գ
մեր դաշտերում ձիւնապսակ
Ըմբոշխնեցինք առանձնութիւնն
ու լռութիւնը բացարձակ

Անցանք միջով
խոշոր, դանդաղ ու փայլփլուն փաթիլների
Կարծես միջով մի շղարշեայ
անծայրածիր վարագոյրի
քայլերդ անճի՜գ
քեզ պէս թեթեւ
լի խաղերով ու ծիծաղով
գիշերն ամբողջ արբեցած էր
քո վարակիչ, անհուն խինդով

Բայց, այդ գիշեր
դու չիմացար
ապրումներիս հեւքը ահեղ
դու չիմացար
որ ինձ համար
ոդիսակա՜ն էր աւարտել
ա՛յդ իսկ գիշեր, ա՛յդ սարերում
մարմնով էի հասել այնտեղ
ուր անցեալում եղել էի լոկ իմ հոգով
լոկ մտքերով, երազանքով

Դու չիմացար
ոնց այդ գիշեր
յուզումներով գերբեռնուած`
հոգիս դողո՜ւմ էր անընդհատ -
բայց ո՛չ ցրտից, ո՛չ էլ ձիւնից
այլ վերջապէս
տուն ժամանած
ուղեւորի խնդութիւնից
հասել էի այդ դիւթանքին
ու վերջապէս քո գգուանքի՛ն

Ոչ, չիմացար թէ այդ պահը
ինչ մեծ ու խոր իմաստ ունէր
լոկ յիշում ես
ի՜նչ հրայրքով
սիրեցի քեզ ես այդ գիշեր…

Friday, March 23, 2012

Quote for March 2012

Ու գիտե՛ս, աշխարհն զբօսանք կ՛ուզէ,
Աչքերու խայտանք, թովչանք հոգիի
Ցաւի սփոփանք,
Ծարաւի յաջուրդ, քաղցի լիութիւն,
Արբեցում, պատրա՜նք,
Պահ մը վերացում, երազ, մոռացու՜մ՝
Ամէն երկնի տակ,
Ամէ՜ն ժամանակ։

Վահէ-Վահեան, Յուշարձան Վահրամին, Պէյրութ 1977

Wednesday, February 29, 2012

Խաչիկ Տէտէան։ ԳԻՇԵՐԱՅԻՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄ

Ես ինքնակամ կոյրի եմ նման,
Որ ձա՛յնդ կը լսէ միայն գիշերուան մէջ սփոփարար.
Իսկ քու ձայնդ՝ չորցած տերեւներու խարշափն է
գիշերներուս մէջ կծկուած,
Պիտի խամրի՝ երբ աչքերս բացուին առաւօտեան շաղին։

Երբ անուրջներէս յղի ես չսթափիմ ա՛լ,
Գիտեմ՝ պիտի մեռնիմ
Իւրայատուկ մահով մը անաղմուկ,
Բայց դուն…
Դուն պիտի ապրի՜ս իմ մէջ յաւիտեան
որպէս գրգիռ
որպէս թովչանք
որպէս անհունութիւն դեռատի։

Դուն իմ կամքի վեհապանծ նժոյգը սլացիկ,
Որ կ՛արշաւէ անհունին մէջ՝ ազա՜տ համարձա՜կ.
Եթէ կամքիս պրկումը շիջի օր մը ակամայ,
Դուն պիտի նոր երազողներ դարպասես
ու գերես անկասկած
Գիշերներուն մէջ առհաւական։

Բայց ես ինքնակամ կոյրի մը նման, հմայուած
Պիտի միշտ ձայնդ լսեմ գիշերներուս մէջ խելագար,
Անհուններէն աքսորեալ…

Tuesday, February 28, 2012

Խաչիկ Տէտէան։ Պիտի գայ միթէ՞

Ըսէ՜ ինծի` ե՞րբ,
Տարուան ո՞ր եղանակին դիմաւորեմ քեզ…

Գարնան հետ արեւուն բացուող վարդի համբոյրին մէջ
չգտայ հոգիիս խանդը վտարանդի,
Չգտայ պարզապէս ինծի հասցէագրուած ծիծաղը`
Որ պիտի լուար իմ հոգին` յամեցող բոլոր վիշտերէն։

Ամրան տօթակէզ գիշերները յամեցան շա՜տ երկար.
Բերին մահաբոյր ռումբեր ու ցանեցին աւեր ու արցունք,
Քաղեցին միայն մահ…
Եւ թողուցին պարապութի՜ւն մը համայնական…

Աշնան մաղուող անձրեւն ալ չբերաւ հոգիիս թեթեւութիւն.
Ինծի հասցէագրուած ժպիտի նշոյլ մը չկա՜ր
փարատած հորիզոնին վրայ։
Կար անձկութիւն մը ճնշող ու տարօրէն երկար,
Կար կասկածի զգացում մը ամլող ու հոգին բզքտող։

Եւ ձմեռն ալ եկաւ… ու չբերաւ բարի աւետիս.
Ձմրան հետ թանձրացան նոր վիշտեր ու յոյզեր,
Հոն ցանեցին տխուր կիրքեր ու նո՜ր հիասթափութիւններ,
Խոր արմատներ նետելով աճեցան տարօրէն։

Ու հիմա հարց կու տամ ես ինծի.-
Ո՞րն է եղանակը տարուան`
Որու եթէ սպասեմ` պիտի գտնեմ իմ ուրա՜խ, իմ պատա՜նի հոգին,
Ո’չ ծաղրածուին ժպիտին տեսքով` որ պատուէրով կու գայ,
Այլ անմեղ մանուկին` որ անգիտակից է տարողութեանը գալիքին`
Որ գիտէ ճչա՜լ ու լա՜լ բայց նաեւ կրկին խնդա՜լ ու սիրուի՜լ։

Իմ հոգին կը տենչայ այն մի՜ւս եղանակը մոռցուած,
Ուր տարբերութիւն չկա՜յ գարնան, ձմրան ու եղանակներուն միջեւ.
Ուր եղանակները միշտ խինդ ու ծիծաղ կը բուրեն
Թէկուզ յամենան երկար կամ իսկոյն փարատին…
Ե՞րբ պիտի ան դուրս գայ իր մօր պատեանէն
Ու զիս առնէ իր կեղեւին մէջ անապակ
Առանց անցագրի կամ հաշիւի։

Ո՞ւր է այն եղանակը` որուն ի զուր կը ապասե՜նք այսքան երկար…



Խաչիկ Տէտէան,ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ 2008

Thursday, February 16, 2012

Սագօ Արեան: ՄԻԱՅՆ ՄԷԿ ՀԱՍՑԷ

Երեկոյեան եօթը:

Մարդիկ կը շարժին դէպի տուն.
Գաւաթները սպիտակ ափսէներուն պիտի շարեն.
Տիեզերքի շունչը զիկ զակներու պէս կը զառնուի թելերուս
Ըսելիք չունեցողները կը փռեն լուացքները սեւ պատշգամբներէն:
....
Նեցուկ ունեցողները կը տպեն գիրքեր.
Ու չալըմով նկարուած`
Կարմիր րուժէ նկարներ կը ցուցադրեն գիրքի շապիկին:
Ես բանաստեղծութիւն կը փնտռեմ,
Տանս մէջ նստածմասիվի միֆը կ'երազեմ
Կ՛ըսեն լեզուդ բիս աղտոտ ժարկոն է
Կ՛ըսեն լեզուդ հոյակապ է ...
Կ՛ըսեն մատներդ ճկուն են ստեղնանշարին վրայ...
Կռնակս կը ցաւի սպասելով
Որ ֆէյսպուքի արարիչները
Իրենց աստղերէն զիջին ու բառ մը նետեն .
Ինչ իմաստ ունին անունները երբ փողոցները դատարկ են...
Ինչ իմաստ ունի վոտքայի փոքրիկ սրուակը նետուած ճերմակ թոյոթայիդետին....

.....

Գեղեցիկ է նայիլ փետրուարեան ամպերուն,
Ու հատել կամուրջները յաղթողի նման.
Շքեղ է երբ չկան ժամադրութիւններ այլեւս...
Կամացուկ մը արձակի տարիքը կը հասնի
Աստիճաններէն վեր կ՛ելլեմ
Ամէն ինչ պարզ է այլեւս...
Զարմանալու ատեները անցան,
Հեռացաւ ամէն ինչ,
Զարմանքը վիրաւոր աղաւնիի պէս կ՛իյնայ աչքերուս առջեւ...
Մնացողը ես եմ...
Երկրի աստվածները չեն զարմացներ զիս.
Երկրի թալանը,
Բռնաբարուած սուրբերը
Եւ տօնական ստուերները սուտ են.
Երկու աչքեր կը հանդիպին թէլէֆոնի ընկալուչին վրայ.
Հայերէն չխօսողներու վերջին մուրհակը կը փակեմ.
Կը փակեն երազս
Կը փակեն պատուհաններս
Վիրաւոր մը կը տանին իր վախճանին
Մեռեալ մը կը տանին տուն....

....

Ո՞ւր  է իմ տունս
Ո՞ւր են տան ծորակները որ խոստացար նորոգել այս տարի,
Ո՞ւր է ֆոնէթիք լապթոփիս զարմացած հայերէնը.
Ո՞ւր  է պղնձեայ բաժակով օղին,
Ու մատակարարող աղջիկը  դեղնորակ
Ո՞ւր է .....
Ամէն բան կ՛իյնայ աչքերուս
Հոգս  չէ թէ քերթուածը ինչքանով պիտի հատէ սահմանը անսահմանին....

Բառախաղ չեմ ըներ ես
Սուրճս նոր խմեցի,
Լեզուս դուրս կը հանեմ,
Ըսելու համար որ տեսէք սուրճին հետքը.
Հաշիւ չունիմ ձեր հետ,
Խնդիր չունիմ ,
Քանի-քանի կիներ կայրին երակներուս մէջ...
Փիսիկները ուր որ են գան պիտի,
Ամէն ինչ լաւ էխաղաղ է ամէն ինչ.
Բոլորս տուն պիտ երթանք
Հզօր է վոտքան առանց անուններու
Ջուր մի խառնէք անոր արիւնին
Հաւատքը
Արիւնը եւ գինին չեն զարմացներ զիս
Օվըրսիզ  կ՛ըսպասեմ
Օվըրսիզ  զանգիդ կ՛ըսպասեմ...


Ֆալ-բանալ չեմ գիտեր
Սանկ տոտիկ-տոտիկ կ՛արթթնամ
Կինս ու երեխաներս անկողնիս մէջ
Ես մեղքերս կ՛ածիլեմ հայելիին առջեւ
Փետրուարը գէշ է...
Փետրուարը  ծերացած փիսիկ է
Անուն չունիմ անոր համար...
Մեռայ այս քաղաքին մէջ  մէկը փնտռելով
....խօսելու համար:
Հոնի արաղը սեղանիս է.
Վոտքան ընտիր ու ձիւնը յաւերաժական:
...
Ես չեմ զարմանար յաւերժութեան համար
Երբ ամէն անգամ րոպէ կը բանաս սաղմիդ մէջ տեղաւորելու զիս...
Սաղմիդ մէջ պահելու համար երիցուկս եւ անտառս անյիշատակ...
Պարտէզէն է որ կը վազեմ
Ու  ամայի բերաններէն,
Գողնալու կատարելութիւնս....
Չեմ զարմանար
Յաւերժութեանս վրայ....
Չեմ զարմանար,
Որ լուացքի  թելերուն վրայ փռած եմ վէրքերս որ չորնան...
Սա ձմրան դուռդ բաց...
Դուրս չմնամ:
Հակառակ անոր որ պիտի չզարմանամ երբ անցնիմ քեզմէ ու կաթիլ մըխենթութիւն տեղաւորեմ ամայութեան մէջ
Որով,
Սկիզբէն էի ես
Սկիզբէն էի ես որ գիտէի ինչ ըսել է ծունկի գալել մինչ հատնին բառերս եւանտառդ աւարտի ինձմով...
Ու ալ պոռաս երեսիս դուրս ե՛լ
Դուրս ե՛լ......
Դուրս ե՛լ,
Տես եկու բերաններ կը խօսին յաւերժութեան մասին.
Ու ինչ փոյթ այս մարմինըայս դրամըայս տունը....
Ինչ փոյթ այս ամէն երբ չես հաւատար յաւերժութեան կափարիչներուն
Որոնց բացուիլը կը դիտես....
Չես հաւատար այդ հասակին որ կը բնակի քեզմով...
Այս անքնութեանայս ժամանակին ու խեչափառներուն որ կը խայթեն մեզ...

Ես չեղայ հոս...
Չեղայ որ հաւատան քեզի,
Չեղայ որ երդում տան անունովդ....
Ու կարեւոր չէ այս ամէն ինչը,
Երբ  գիտեմ որ գիրը ունի մէկ հասցէ,
Երբ գիտեմ որ սիրտս ուժանակ է քեզի համար,
Լարուած ուժանակ,
Որ պիտի պայթի օր մը
Աշխարհի բոլոր վարդերը հոն մորթէ դուն...
Ճանապարհը կը տանի մէկ տեղ
Ճանապարհը պիտի տանի քեզ սագօ արեանի սրտին
Որ լոգանքէն ետք բազկաթոռին նստած պիտի խնդայ աշխարհի բոլոր ծաղածռութիւններուն վրայ....

Ի՜նչ կ՛ըլլաս շապիկներս լաւ արդուկէ այս գարնան
Արձակը կուգայ
Շուտ ըրէ... այլեւս բանաստեղծութիւն պիտի չմուրամ
Քառասունի ոտնաձայնները կ՛առնեմ:
..............................................................................

Ու սէրը միայն մէկ հասցէ ունի ,
Ասսաֆ խուրի թիւ ութսուն ինը,
Միայն մէկ հասցէ`
Սագօ Արեան.....


Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ԵՐԿԻՐ թերթին մէջ Փետրուար 11, 2011