Showing posts with label Nora Baroudjian. Show all posts
Showing posts with label Nora Baroudjian. Show all posts

Friday, January 24, 2014

Նորա Պարութճեան: ՇՈՒՆԵՐԸ



Դուն կը քալես … երկինքը քեզ հովանի

Մէկէն ի մէկ,
շուներու սեղմ ոհմակ մը
ճանապարհդ կը կտրէ
ու կը սկսի վրադ հաչել ուժգնօրէն։
Նախ՝ կ’անտեսես,
ապա կամաց
վախ մը մէջդ կը ծնի՝
հապա՞  եթէ …

Այո, հաստա՜տ.
այդ շուները որս մը գտած
գայլերու պէս սովահար
կը սկսին քեզ հալածել։
Չես հասկնար՝
ինչո՞ւ դուն,
ի՞նչ խոստումներ կը ներշնչես
անոնց անկուշտ փորերուն.
չես հասկնար
եւ ի զուր է այդ հարցումը այլեւս,
կը զարմանաս,
անոնց ախորժակին դէմ սրած
այնքան երկար կը զարմանաս
որ կէս կեանքդ,
թերեւս ալ աւելին,
գուցէ մինչեւ մահուանդ րոպէն
զարմանքի մէջ կ’անցընես…

ու զարմացած
ճամբան սատկած

շան մը նման կը մնաս։



Նորա Պարութճեանին գործերը գաղուած են ԳՐԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԷՆ ու լոյս կը տեսնեն հոս հեղինակին հրամանով։

Thursday, January 23, 2014

Նորա Պարութճեան։ ՍՓՈՓԱՆՔԻ ՆՈՐ ԲԱՌ

Սփոփէ զիս,
եթէ կրնաս
սփոփանքի յատուկ բառ մը գտնել
ու վրան տակ
տակն ու վրայ
սրտիս բերել
խաղաղութիւն ամենակալ
Յատո՜ւկ բառ մը,
եթէ կրնաս.
սովորական միւս բառերը
երէկ արեւածագին
գրողի ծոցը գացին.
աչքերուս մէջ հանդիպեցան
դժոխքի թէժ կրակին,
քառասմբակ խոյս տուին
Արտաւազդի ձիուն նման գլորեցան
դէպի անդունդ,
իրենց ետին բռնակալ մը
անօգնական ձգելով
Սովորական մեղկ բառերը սփոփանքի
անգիտակից՝ անզուսպ վախէ դրդուած,
Արտաւազդի ինքնամոռաց վիշտին նման
թաւալգլոր Ազատութեան գիրկն ինկան.
ու այս պահուս
անիծելով անունս
եւ ծաղրելով ինձմէ եկող ամէն տեսակ ակնկալիք
խրախճանքի նստած են
եւ ափերնին վեր վար իրար քսելով
ինձմէ իրենց փրկուիլը խուլ աշխարհին կ’աւետեն.
Եթէ կրնաս
սփոփանքի
նոր բառ գտնել,
եթէ կրնաս


Նորա Պարութճեանին գործերը գաղուած են ԳՐԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԷՆ ու լոյս կը տեսնեն հոս հեղինակին հրամանով։

Ծանօթանանք Նորա Պարութճեանին

Ծնած է 1959-ին, Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը։ Յաճախած է Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը։

1984-ին աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Մօտ երկու տարի մաս կազմած է Զարթօնք օրաթերթի խմբագրական անձնակազմին։ 1986-ին տեղափոխուած է Ֆրանսա, աշխատակցած է զանազան թերթերու, որոնցմէ վերջինը՝ Նոր Յառաջ։

1989-ին, Արեւելեան Լեզուներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Ազգային Հիմնարկին  (INALCO) մէջ պատրաստած է Master 2-ն։ Հայերէն եւ Հայոց Պատմութիւն կը դասաւանդէ Դպրոցասէր  վարժարանի միջնակարգի դասարաններուն։ Այժմ, դասաւանդման առընթեր կ’աշխատի պատմաբանասիրական նիւթով թեզի մը վրայ։