Thursday, January 23, 2014

Նորա Պարութճեան։ ՍՓՈՓԱՆՔԻ ՆՈՐ ԲԱՌ

Սփոփէ զիս,
եթէ կրնաս
սփոփանքի յատուկ բառ մը գտնել
ու վրան տակ
տակն ու վրայ
սրտիս բերել
խաղաղութիւն ամենակալ
Յատո՜ւկ բառ մը,
եթէ կրնաս.
սովորական միւս բառերը
երէկ արեւածագին
գրողի ծոցը գացին.
աչքերուս մէջ հանդիպեցան
դժոխքի թէժ կրակին,
քառասմբակ խոյս տուին
Արտաւազդի ձիուն նման գլորեցան
դէպի անդունդ,
իրենց ետին բռնակալ մը
անօգնական ձգելով
Սովորական մեղկ բառերը սփոփանքի
անգիտակից՝ անզուսպ վախէ դրդուած,
Արտաւազդի ինքնամոռաց վիշտին նման
թաւալգլոր Ազատութեան գիրկն ինկան.
ու այս պահուս
անիծելով անունս
եւ ծաղրելով ինձմէ եկող ամէն տեսակ ակնկալիք
խրախճանքի նստած են
եւ ափերնին վեր վար իրար քսելով
ինձմէ իրենց փրկուիլը խուլ աշխարհին կ’աւետեն.
Եթէ կրնաս
սփոփանքի
նոր բառ գտնել,
եթէ կրնաս


Նորա Պարութճեանին գործերը գաղուած են ԳՐԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԷՆ ու լոյս կը տեսնեն հոս հեղինակին հրամանով։

No comments: