Դանիէլ Վարուժան։ Հօրս բանտին մէջ
1896ի Համիտեան սարսափի օրերուն՝ երբ Պոլիս կու գայ Վարուժան, հոն բանտարկուած կը գտնէ հայրը՝ սուտ ամբաստանութեան մը զոհ եղած։ Այդ տխուր դէպքին ոգեկոչումն է քերթուածը, գրուած ուշ ատեն՝ բայց զգացումի թարմութեամբ։
Դեռ փոքր էի. եկայ քեզի մինաւոր,
Մութ զընդանիդ մեր այցի։
Մայրս հիւանդ էր. կը շըրջէի ե՛ս ազատ
Մէջտեղ բանտի և մահճի:
Լուր տըւին քեզ․ եկար առջե՛ւը դըրան
Վանդակապատ՝ որ - ոճի՜ր-
Կը բաժնէր մեր ողջագուրո՛ւմը կըղկաթ։
Երկար անխօս, վըշտակիր։
Ո՜րքան նիհար էիր և ո՜րքան աչքերդ
Ծարաւ էին արևու.
Մօրուքիդ տակ, կարծես ոսկրի վրայ բուսած,
Ո՜վ հայր, մեռել մ՛էիր դու։
Նըշմարելուդ պէս զիս ժըպտիլ ըսկըսար․
Բայց այդ ժըպի՛տը բարի,
Այդ սուտ ժըպիտն էր նունուֆար մը ծաղկած
Լըճի մը վրայ արտօսրի։
Կարկառեցիր սև վանդակին ետևէ
Շըրթունքներդ իմ շըրթներուն․
Բայց իրարու անոնք, աւա՜ղ չըհասած՝
Մեր համբոյրին դողդոջուն՝
Նոյն ժամանակ եղան օրրան և դագաղ։ -
Ո՛հ, պիտի ո՜րչափ քեզի
Բաղձայի տալ ընգրկումի մը մէջ տաք՝
Ազատ աշխա՛րհը դուրսի,
Եւ իմ փոքրիկ բիբերս քու բիբերուդ
Տեղալ երկինքն անսահման,
Սըրտէս սըրտիդ պարպել բոլոր օրերս այն,
Որ արևու տակ անցան։
Մութ բանտիդ մէջ գարնան վարդերը ամբողջ
Պիտի լեցնել ուզէի,
Կամ ճիղմ հասակս ու ապագան հասակիս
Պիտ՝ հոն թաղել ուզէի։
Ո՜վ տըխուր ժամ.- Քեզ մի առ մի պատմեցի
Սև վիպակնե՛րը մեր տան,
Հանիիս մահն, ու հիւանդ մօրս հազը խուլ
Լըռութեան մէջ գիշերուան․
Ըսի թէ մեր տանիքին վրայ, լուսնին տակ,
Բուերը պար կը բըռնեն,
Թէ այս տարի մեր վարդենին չորացաւ
Գերեզմանատան խորշակէն։
Կը լըսէիր զիզ եւ հարցում կ՛ընէիր,
Երբ հըրաման մը վայրի,
Կոյր հըրաման մ՛եկաւ ըզմեզ բաժնելու․․․
Դարձա՜ր… առանց համբոյրի․․․,
Ու ես երկա՜ր ետևէդ պիշ նայելով,
Հա՛յր իմ, մինակ, հոն լացի՜.-
(Մինչ կուրծքիս տակ բաշ կը թօթուէր ոխ մը նոր)
Սիրտս աչքերէս քամեցի։-
․․․Ով կեանք սիրոյ, լանջ քըրտինքի, սիրտ փուշի,
Ցեխին նետուած սըրբութիւն,
Արևուն բորբ հոսանքներուն դէմ գոցուած,
Ո՛վ երակներ ազազուն։
Տեսայ որ ձեզ հետ, ձեզի հետ սուզեցան
Եղեռնի մէջ, արտալած,
Սուրբերն ամէ՛ն կրօնքի, ամէ՛ն շուշաններ
Եւ Յիսուսներ թըքնըւած։-
Մութ զընդանիդ մեր այցի։
Մայրս հիւանդ էր. կը շըրջէի ե՛ս ազատ
Մէջտեղ բանտի և մահճի:
Լուր տըւին քեզ․ եկար առջե՛ւը դըրան
Վանդակապատ՝ որ - ոճի՜ր-
Կը բաժնէր մեր ողջագուրո՛ւմը կըղկաթ։
Երկար անխօս, վըշտակիր։
Ո՜րքան նիհար էիր և ո՜րքան աչքերդ
Ծարաւ էին արևու.
Մօրուքիդ տակ, կարծես ոսկրի վրայ բուսած,
Ո՜վ հայր, մեռել մ՛էիր դու։
Նըշմարելուդ պէս զիս ժըպտիլ ըսկըսար․
Բայց այդ ժըպի՛տը բարի,
Այդ սուտ ժըպիտն էր նունուֆար մը ծաղկած
Լըճի մը վրայ արտօսրի։
Կարկառեցիր սև վանդակին ետևէ
Շըրթունքներդ իմ շըրթներուն․
Բայց իրարու անոնք, աւա՜ղ չըհասած՝
Մեր համբոյրին դողդոջուն՝
Նոյն ժամանակ եղան օրրան և դագաղ։ -
Ո՛հ, պիտի ո՜րչափ քեզի
Բաղձայի տալ ընգրկումի մը մէջ տաք՝
Ազատ աշխա՛րհը դուրսի,
Եւ իմ փոքրիկ բիբերս քու բիբերուդ
Տեղալ երկինքն անսահման,
Սըրտէս սըրտիդ պարպել բոլոր օրերս այն,
Որ արևու տակ անցան։
Մութ բանտիդ մէջ գարնան վարդերը ամբողջ
Պիտի լեցնել ուզէի,
Կամ ճիղմ հասակս ու ապագան հասակիս
Պիտ՝ հոն թաղել ուզէի։
Ո՜վ տըխուր ժամ.- Քեզ մի առ մի պատմեցի
Սև վիպակնե՛րը մեր տան,
Հանիիս մահն, ու հիւանդ մօրս հազը խուլ
Լըռութեան մէջ գիշերուան․
Ըսի թէ մեր տանիքին վրայ, լուսնին տակ,
Բուերը պար կը բըռնեն,
Թէ այս տարի մեր վարդենին չորացաւ
Գերեզմանատան խորշակէն։
Կը լըսէիր զիզ եւ հարցում կ՛ընէիր,
Երբ հըրաման մը վայրի,
Կոյր հըրաման մ՛եկաւ ըզմեզ բաժնելու․․․
Դարձա՜ր… առանց համբոյրի․․․,
Ու ես երկա՜ր ետևէդ պիշ նայելով,
Հա՛յր իմ, մինակ, հոն լացի՜.-
(Մինչ կուրծքիս տակ բաշ կը թօթուէր ոխ մը նոր)
Սիրտս աչքերէս քամեցի։-
․․․Ով կեանք սիրոյ, լանջ քըրտինքի, սիրտ փուշի,
Ցեխին նետուած սըրբութիւն,
Արևուն բորբ հոսանքներուն դէմ գոցուած,
Ո՛վ երակներ ազազուն։
Տեսայ որ ձեզ հետ, ձեզի հետ սուզեցան
Եղեռնի մէջ, արտալած,
Սուրբերն ամէ՛ն կրօնքի, ամէ՛ն շուշաններ
Եւ Յիսուսներ թըքնըւած։-
Դանիէլ Վարուժան, Ցեղին Սիրտը, Մխիթարեան Հրատարակութիւն, Վենետիկ - Ս. Ղազար, 1944
No comments:
Post a Comment