Friday, January 24, 2014

Նորա Պարութճեան: ՇՈՒՆԵՐԸ



Դուն կը քալես … երկինքը քեզ հովանի

Մէկէն ի մէկ,
շուներու սեղմ ոհմակ մը
ճանապարհդ կը կտրէ
ու կը սկսի վրադ հաչել ուժգնօրէն։
Նախ՝ կ’անտեսես,
ապա կամաց
վախ մը մէջդ կը ծնի՝
հապա՞  եթէ …

Այո, հաստա՜տ.
այդ շուները որս մը գտած
գայլերու պէս սովահար
կը սկսին քեզ հալածել։
Չես հասկնար՝
ինչո՞ւ դուն,
ի՞նչ խոստումներ կը ներշնչես
անոնց անկուշտ փորերուն.
չես հասկնար
եւ ի զուր է այդ հարցումը այլեւս,
կը զարմանաս,
անոնց ախորժակին դէմ սրած
այնքան երկար կը զարմանաս
որ կէս կեանքդ,
թերեւս ալ աւելին,
գուցէ մինչեւ մահուանդ րոպէն
զարմանքի մէջ կ’անցընես…

ու զարմացած
ճամբան սատկած

շան մը նման կը մնաս։



Նորա Պարութճեանին գործերը գաղուած են ԳՐԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԷՆ ու լոյս կը տեսնեն հոս հեղինակին հրամանով։

No comments: