Wednesday, January 01, 2014

«Ի հոգեւոր օգուտ եւ ի Լուսաւորութիւն ազգին մերոյ Հայկազնոյ»

Հայր Մխիթար և իր միաբանութիւնը

Սեբաստիա ծնած 1676-ին և մահացած Վենետիկ 1749-ին, Մխիթար Սեբաստացի Աբբահայրը, կաթողիկէ միաբանութիւնը կը հիմնէ 1700-ին Կ.Պոլսոյ մէջ, 1703-ին կը հաստատուի Մորէ, Յունաստան, որ այդ շրջանին Վենետիկան տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ 

1715-ին երբ Թուրքերը կը գրաւեն Յունաստանը, ան իր միաբաններով Վենետիկ կը հաստատուի։ 1717-ին իշխանական հանրապետութիւնը իրեն կը նուիրէ Ս.Ղազար կղզին։ 

Միաբանութիւնը կը հետեւի Բենետիքեան ուխտին, Մխիթար Աբբահայրը իր հետեւորդներուն, բարձրորակ դաստիարակութիւն կը ջամբէ, անոնց մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ հայոց գրական հարուստ ժառանգութիւնը։ Իր օրով հրատարակչութիւնը կը զարգանայ։ 

1773-ին միաբանութիւնը կը ճիւղաւորուի սկիզբը Թրիեսդ քաղաքը, իսկ աւելի ուշ կը հաստատուի Վիեննա (Աւստրիա)։ 1810-ին Նափոլիոնի կարգադրութեամբ Վիէննայի Մխիթարեանները կ՛ունենան իրենց հրատարակչատունը։


2000 թուականին Մխիթարեան միաբանութեան 300 ամեակին, քրիստոնէութեան 2000 ամեակին և Հայ ժողովուրդի քրիստոնէութեան դարձի 1700 ամեակին Վենետիկի և Վիեննայի մխիթարեանները կը միաձուլուին։

Founding of Hantes Amsorya - January 1, 1887

We celebrate the anniversary of the 1st appearance of Hantes Amsorya (Հանդէս Ամսօրեայ).

One of the two of the oldest Armenian periodicals founded by the Mekhitarist congregation were Pazmaveb (Բազմավէպ), founded in 1843 in Venice, Italy, and Hantes Amsorya (Հանդէս Ամսօրեայ), founded in 1887 in Vienna, Austria.

No comments: