Showing posts with label Panos Jeranian. Show all posts
Showing posts with label Panos Jeranian. Show all posts

Tuesday, March 18, 2008

Փանոս Ճերանեան: Աշնան մասին

Ամբողջ օրը
հովանոցը գլխուս վերեւ պահեցի,
տերեւներու տեղատարափն էր աշնան.
ճանապարհիդ,
ոտնաձայնիս խշրտուքներէն տարուած,
արահետէ արահետ ՝
կը շտապէի,
կարծես ամրան հասնելու...

Փանոս Ճերանեան
Մոնրեալ 2007

Ազդակ Գրական - Արուեստի պարբերաթերթ 2007 թիւ 4

Wednesday, February 06, 2008

Փանոս Ճերանեան: Ինքներգութիւն

Քաղաք մը օտար,
Պանթոկ մը շռայլ,
Լուսահեղ սենեակ,
Երկու մահճակալ։

Երկու մահճակալ,
Մարդ մը միայնակ,

Որ առանձնութեան
Մեծ հայելւուն մէջ՝
Իր խորունկ վշտին
Հետ կը վշտակցի...



Copyright Panos Jeranian
Փանոս Ճերանեան, Ի Լուր... (բանաստեղծութիւններ), Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999

Monday, January 28, 2008

Փանոս Ճերանեան: Երկու գրպան

Երկու գրպան հնամաշ,
Ճմռթկուած երկու ափ,
Ափերուն մէջ ամրապինդ,
Օրերուն վարձքը ժլատ։

Ու կին ու չորս զաւակներ,
Դեռ կը սպասեն ուժաթափ։
Երկու գրպան հնամաշ,
Ճմռթկուած երկու ափ...

Copyright Panos Jeranian
Փանոս Ճերանեան, Ի Լուր... (բանաստեղծութիւններ), Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999

Sunday, January 13, 2008

Փանոս Ճերանեան։ Նմանող Օրեր

Երէկս ալ անցաւ առաջուան նման,
Ու երէկուան պէս՝
Այսօրըս որքան պիտի նմանի արշաւող վաղուան.
Ես կը սարսափիմ,
Որ յաջորդ օրերս գուցէ նմանին
Անսկիզբ, անվերջ նախորդ օրերուս,
Ու տարիներ ետք,
Մահուան օրըս ալ,
Շատ հաւանաբար
Ըլլայ ծննդեան իմ օրուան նման,
Այս տարբերութեամբ,
Որ ես ծնունդով աշխանհի սեմին յաղթական եկայ
Ու կը հեռանամ մահուամբ պարտուած...


Copyright Panos Jeranian
Փանոս Ճերանեան, Ի Լուր... (բանաստեղծութիւններ), Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999

Wednesday, December 26, 2007

Փանոս Ճերանեան: Պատկեր

Պարապութեան մէջ արձակուած
կապար մը կոյր կը սուլէ,
Թնդանօթի հարուածը թունդ
կը թեւածէ եօթ թաղ անդին,
Մինչ հրթիռ մը մեծաղմուկ
կը խեղդէ ճիչն հիւղակին...


Copyright Panos Jeranian
Փանոս Ճերանեան, Ի Լուր... (բանաստեղծութիւններ), Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999

Friday, December 21, 2007

Փանոս Ճերանեան: Անդրադարձ...

Երբ դուն լսես
Անապատի տաք շրթներուն քու անունդ աւազէ,
Երբ իմանաս,
Թէ արձանին մէջ տրոփող ժամանակը քու սիրտդ է,
Գուցէ յանկարծ անդրադառնաս,
Թէ անքթիթ աչքերուդ մէջ՝
Տուներ կային դուռ-դրացի,
Թէ քարացած շրթունքներուդ լռութեան մէջ՝
Սրտեր կային,
Բամբասանքն իր կիներն ունէր՝
խօսքերու տաք թոնիրին շուրջ բոլորուած.
Ու ձմեռը,
Իր դողացող մատներուն մէջ սեղմած քամին,
Պատուհանէ պատուհան՝
Կուգար երգեր յօրինելու,
Եւ յուզումի յորդ կաթիլներ անձրեւելէն
Կը հեռանար։

Ու փողոցի դուռ-դրացի տուներն ի վեր
կը վազէր,
Միջօրէին արեգակը բերելու...

Այն ատեն մենք
Փոքր էինք՝ մեր անսահման ստուերներուն
յանձնուած.
Կեանքն իր երգը կը գրէր ափերուն մէջ փոքրերուն
Ու տարագիրն իր ճանապարհը չունէր...

Օ՜, իմ անցեալ,
Ըսէ՛,
Ինչպէ՞ս վերադառնամ ես հիմա,
Այն փողոցին մտերմութեան եռուն,
Երբ աչքերէս ապակիներ փշուր-փշուր կը թափին
Քաղաքի մը չվերջացող մայթերուն...


Copyright Panos Jeranian
Փանոս Ճերանեան, Ի Լուր... (բանաստեղծութիւններ), Տպարան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 1999

Monday, September 10, 2007

Փանոս Ճերանեան: Ամէն անգամ

Ամէն անգամ որ յայտնուին
Խորհրդաւոր հայեացքիդ
Արեգակները երկու։

Ամէն անգամ որ կարդամ
Քու կաղնեգոյն աչքերուդ
Սիրոյ տողերը երկու։

Ամէն անգամ, որ լսեմ
Սրտիս մէջ սիրտդ յայտնող
Տրոփիւնները երկու։

Կ՛ըսեմ աշնան իմ ճամբէս,
Արտոյտի մը շուքին պէս
Կ՛անցնի գարունը կրկին...

Tuesday, May 15, 2007

Փանոս Ճերանեան: Տարակոյս...

Ձիւնը կ՛իջնէ
Ու տարակոյսն ինձմէ ներս իր գոյները կը ձուլէ,
Թէ մերկացած ծառերով՝
Փողոցն անվերջ կ՛երկարի...
Ո՛չ մէկ հասցէ վաղուց գաղթած թռչուններէն։
Շարժումը հոս ձեւ չունի,
Զոր ես իբրեւ դիմակ կրեմ։
Թախծանուագ տերեւներու յուղարկաւոր ստուերները թանձրացան,
Մինչ դուն, սիրելիս,
Ապաստանած ժամանակի լռութեան՝
հայեացքիդ մէջ դեռ անվթար կը պահես
Ձիւնն որ կ՚իջնէ,
Մինչ տարակոյսն ինձմէ ներս իր գոյները կը ձուլէ...

+++

Օրերէս ետք անապաւէն,
Դուն հեռացար իբրեւ ստուէր,
Քայյլերուդ խուլ արձագանգէն
Հովը թօշնած վարդեր քաղեց։

Շշուկի մը ստուերին տակ
Կը հանդիպի՞նք արդեօք կրկին,
Ինչ փոյթ յայնժամ գիշերն իջնէր
Քեզ պարուրող աչքերուս մէջ...


Copyright Panos Jeranian

This poem has appeared in PAKIN/Բագին Armenian Literary magazine, in March 1983.
It appears here by kind permission of its author.

Saturday, July 29, 2006

Փանոս Ճերանեան: Լերան Հետ

Click the link to hear Panos Jeranian's With the Mountain read by Lola Koundakjian.


Ա.

Այն իրիկուն,
աստղերը սովորականէն աւելի առատ էին.
Լուսինը,
հորիզոնի պատնէշներուն վրայ լքուած՝
կարմիր վարդի կը նմանէր.
ու գիշերը աչքերուս մէջ չէր մթագնէր։

Ինձմէ ներս ծուարած ծղրիթի մը պէս
մէկը անվերջ կը կրկնէր
թէ ես ինչպէ՞ս կրնայի բարձունքիդ նայիլ
ու չտեսնել խորութիւնը կորուստիդ,
թէ ես ինչպէ՞ս կրնայի քեզ պահել սրտիս մէջ
ու չկրնալ հասնիլ քեզ…

Բ.

Այն առաւօտ,
իմ կեանքի ամենապայծառ լուսաբացը յայտնաբերեցի,
որովհետեւ դո՛ւն արթնցուցիր զիս
ու սեփական աչքերուս մէջ
իմ իրական երազանքը ես գտայ։
Մեր հանդիպման՝
հոգիս իսկոյն վերապրեցաւ նախախնամութեան այն պահը,
երբ շուքիդ տակ
զիս ստեղծած րոպէին՝
Աստուած ի սկզբանէ ներկայութիւնդ վկայակոչեց…

Գ.

Ու չիմացայ
բարձունքէ՞դ էր,
թէ դարերուդ վաղնջական խորքերէն,
ձայն մը ինծի կը թելադրէր,
որ քեզ տեսնելու համար
հարկաւոր էր
ճակատս մի՛շտ սէգ պահել
ու հայեացքս սեւեռել այն կիզակէտին,
ուր՝ իմ աստղը
պահ մը կարծես կանգ կ՛առնէ
կատարներուդ վկայութիւնը հայցելու
լոյսի արարման մասին…

Ձայնդ՝
ձայնդ մօտիկ էր այնքա՜ն
ու կը զգայի մինչեւ իսկ,
շունչիդ ամբողջ ջերմութիւնը դէմքիս վրայ։



Փանոս Ճերանեան 2005


This poem was published in Horizon Weekly's literary month segment