Փանոս Ճերանեան: Տարակոյս...
Ձիւնը կ՛իջնէ
Ու տարակոյսն ինձմէ ներս իր գոյները կը ձուլէ,
Թէ մերկացած ծառերով՝
Փողոցն անվերջ կ՛երկարի...
Ո՛չ մէկ հասցէ վաղուց գաղթած թռչուններէն։
Շարժումը հոս ձեւ չունի,
Զոր ես իբրեւ դիմակ կրեմ։
Թախծանուագ տերեւներու յուղարկաւոր ստուերները թանձրացան,
Մինչ դուն, սիրելիս,
Ապաստանած ժամանակի լռութեան՝
հայեացքիդ մէջ դեռ անվթար կը պահես
Ձիւնն որ կ՚իջնէ,
Մինչ տարակոյսն ինձմէ ներս իր գոյները կը ձուլէ...
+++
Օրերէս ետք անապաւէն,
Դուն հեռացար իբրեւ ստուէր,
Քայյլերուդ խուլ արձագանգէն
Հովը թօշնած վարդեր քաղեց։
Շշուկի մը ստուերին տակ
Կը հանդիպի՞նք արդեօք կրկին,
Ինչ փոյթ յայնժամ գիշերն իջնէր
Քեզ պարուրող աչքերուս մէջ...
Copyright Panos Jeranian
This poem has appeared in PAKIN/Բագին Armenian Literary magazine, in March 1983.
It appears here by kind permission of its author.
No comments:
Post a Comment