Եղ. Եր. Մէլէքեան։Ալիս, արդեոք կը յիշե՞ս
Ալիս, արդեոք կը յիշե՞ս
Լճափին վրայ այն քրմական ուռենին,
Որ ամառ մը ամբողջ եղաւ լուռ վըկան
Անմահական գիշերներու, եւ ծածկեց
Աշխարհին դէմ մեր սէրն իր լայն թեւերով,
Եւ հովին հետ մեզ օրօրեց բիւր անգամ
Երազներու քաղցրագոյնով...
Եւ կը յիշե՞ս ջուրի արծաթ հայելին,
Որ կը սիրէր լուսնի լոյսէն աւելի
Քու մարմինըդ իր ծոցին մէջ օրօրել,
Ուր շատ անգամ ան կը տենչար գիշերով
Աստղերուն հետ համբուրուիլ։
(excerpt)
Եղ. Եր. Մէլէքեան «Մոխիրներ եւ Կայծեր»
Տպարան Հայրէնիք
Պոսթըն
1945
No comments:
Post a Comment