Friday, May 18, 2007

Սիամանթօ: ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՍ

«Եւ ասէին. Զի՜ քերթողին այսքան սուգ ...»
ԽՈՐԷՆ ԱՐՔԵՊՍ. ՆԱՐՊԷՅ

Ու մաքրաթեւ երազիս հետ մինակ էի, հովիտներուն մէջ իմ գիւղիս,
Քայլերս էին թեթեւ ինչպէս քայլերը խարտիշագեղ եղնիկին,
Եւ զուարթութեամμ կը վազէի, կապոյտէն եւ օրերէն μոլորովին գինով,
Աչքերս ոսկիով եւ յոյսով՝ եւ հոգիս աստուածներով լեցուն...
Եւ ահա μարեμեր Ամառն իր պտուղները զամμիւղ առ զամμիւղ,
Մեր պարտէզին ծառերէն դէպի հողը եւ դէպի զիս կ'ընծայէր,
Եւ ես լռութեամμ՝ գեղուղէշ ուռիին ներդաշնակ հասակէն,
Երգերս ստեղծելու համար խորհրդաւոր սրինգիս ճիւղը կը կտրէի...
Կ'երգէի... Ադամանդեայ առուակն եւ թռչուններն արփիագեղ.
Աստուածային աղμիւրներուն յստակահոս մեղեդիներն անդադրում.
Եւ առաւօտեան զեփիւռը, քրոջական գորովներու այնչափ նման,
Այս μոլորն իմ երջանիկ երգերուս թոթովումին կը ձայնակցէին...
Այս գիշեր երազիս մէջ, ձեռքս առի զքեզ, ո՜վ քաղցրախօս Սրինգ,
Շրթունքներս զքեզ ճանչցան՝ ինչպէս համμոյր մը հին օրերու,
Բայց շունչս՝ յիշատակներու զարթնումէն, յանկարծօրէն մեռաւ,
Եւ երգիս տեղ՝ շիթ առ շիթ, շիթ առ շիթ, արցունքներս էին որ ինկան վար...

Սիամանթո

Siamanto was the pen name for Atom Yarjanian (Ատոմ Եարճանեան) (1878 - 1915)

No comments: