Փանոս Ճերանեան: Լերան Հետ
Click the link to hear Panos Jeranian's With the Mountain read by Lola Koundakjian.
Ա.
Այն իրիկուն,
աստղերը սովորականէն աւելի առատ էին.
Լուսինը,
հորիզոնի պատնէշներուն վրայ լքուած՝
կարմիր վարդի կը նմանէր.
ու գիշերը աչքերուս մէջ չէր մթագնէր։
Ինձմէ ներս ծուարած ծղրիթի մը պէս
մէկը անվերջ կը կրկնէր
թէ ես ինչպէ՞ս կրնայի բարձունքիդ նայիլ
ու չտեսնել խորութիւնը կորուստիդ,
թէ ես ինչպէ՞ս կրնայի քեզ պահել սրտիս մէջ
ու չկրնալ հասնիլ քեզ…
Բ.
Այն առաւօտ,
իմ կեանքի ամենապայծառ լուսաբացը յայտնաբերեցի,
որովհետեւ դո՛ւն արթնցուցիր զիս
ու սեփական աչքերուս մէջ
իմ իրական երազանքը ես գտայ։
Մեր հանդիպման՝
հոգիս իսկոյն վերապրեցաւ նախախնամութեան այն պահը,
երբ շուքիդ տակ
զիս ստեղծած րոպէին՝
Աստուած ի սկզբանէ ներկայութիւնդ վկայակոչեց…
Գ.
Ու չիմացայ
բարձունքէ՞դ էր,
թէ դարերուդ վաղնջական խորքերէն,
ձայն մը ինծի կը թելադրէր,
որ քեզ տեսնելու համար
հարկաւոր էր
ճակատս մի՛շտ սէգ պահել
ու հայեացքս սեւեռել այն կիզակէտին,
ուր՝ իմ աստղը
պահ մը կարծես կանգ կ՛առնէ
կատարներուդ վկայութիւնը հայցելու
լոյսի արարման մասին…
Ձայնդ՝
ձայնդ մօտիկ էր այնքա՜ն
ու կը զգայի մինչեւ իսկ,
շունչիդ ամբողջ ջերմութիւնը դէմքիս վրայ։
Փանոս Ճերանեան 2005
This poem was published in Horizon Weekly's literary month segment
No comments:
Post a Comment