Մատթէոս Զարիֆեան: ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ / ԱՇՈՒՆ ԳԻՇԵՐ
Click to hear the audio clip
Theft, and, Fall Evening read by Lola Koundakjian.
ԳՈՂՈՒԹԻՒՆ
Կիսամութին մէջ հոգիիդ
Պիտի իջնեմ այս իրիկուն.
Քանի մը վարդ աղուափըթիթ
Պիտի գողնամ ու տանիմ տուն
Պիտի արդեօք վշտանա՞ս դուն...
Գարո՜ւն է, քոյր, ամէն տունի...
Իմ տունըս, տես, ծի՛լ մը չունի...
ԱՇՈՒՆ ԳԻՇԵՐ
Լուսընկայ գիշերուան
Թափառողն եմ լըռին.
Ծեր վարդեր կը դողա՜ն
Որ ցուրտէն չսառին...
Լուսնի լո՜յս ամէն դի,
Նոյնիսկ ի՜մ աչքերուս.
Բայց ինչո՞ւ կը կաթի
Սա արցունքն այտերուս...
Լուսընկայ գիշերուան
Թափառողն եմ լըռին.
Երազներս կը դողա՜ն
Որ լուսնէն չսառին...
Մատթէոս Զարիֆեան
1 comment:
՛Գողութիւն՝ բանաստեղծութեան վրայ մեկնաբանութիւն մը.
Վաղամեռիկ Մատթէոս Զարիֆեան արեւմտահայ քնարերգական (lyrique) բանաստեղծներու կողքին երեւելի տեղ մը կը գրաւ է:
Իր դժբախտ կեանքի պատճառներէն մին, իր անդարմանելի հիւանդութիւնն էր եւ սոյն իսկ հիւանդութիւնը մղեց իրեն դէպի բանաստեղծութիւն, դէպի իր ներաշխարհը ուր գտաւ իր վիպական (romantique) հոգին:
Ինչպէս ինք եզրափակած է իր կեանքը՛՛Սէր ու թոքախտ նո՛յն կուրծքին տակ՝՝, եւ նաեւ քերթող: Ըստ էութեան , ին՜չ բանաստեղծական հարուստ երեւակայութիւն, ին՜չ անկեղծ զգաստութիւն, ինչքան մօտ իր հոգիին, այնքան ալ իր իսկ տաղերուն բնորդը, նոյնքան ալ իրազեկ իր ճակատագրի գծերուն:
Իր տաղերը առանց բացառութեան մտերմութիւն կը խօսին, անոնք հարազատ եղբայրի մը ջերմութիւնը կը ներշնչեն:
Բանաստեղծութեան արուեստը ինչպէս միւս արուեստներու նման կը հանգչի հաճոյք պատճառելու ակնկալիքներով. Հակառակ անոր Մ.Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնները մեզի յուզում եւ զմայլանք յառաջ կը բերեն, թէեւ անոնք անձկագին եւ երազային են ու այնքան ալ հրապուրիչ: Աւելին իր քնարը՝ համապատասխան միջոց մը եղաւ իր կեանքի ցաւն ու յոյսը արտայայտելու:
Մ. Զարիֆեան կարիքն ուներ իր ներաշխարհը դրսեւորելու, քանի որ ուժեղ յուզում մը՝ եռում էր իր ներսդին, այդ ախտը՝ բռնաբար գրաւած էր իրեն ու պիտի տաներ միչեւ մահ: Նախապէս Մ. Զարիֆեան բանաստեղծութիւն գրելու մասին պատրաստութիւն չունէր, նոյնիսկ չէր մտածեր անոր մասին, բայց երբ չարաբաստիկ հիւանդութիւննը ինք բերաւ յանգեցուց բանաստեղծութեան եզրին:
Այդ օրէն սկսեալ ուզեց գրել, բարձրացնել իր ձայնը. Ի՞նչ էր իր ստեղծագործութեան կերպարուեստը, պարզապէս իր անձնական ապրումները գրող բանաստեղծ մը. Նախ խոր ցաւերով գրեց՛՛Տրտմութեան եւ Խաղաղութեան Երգեր՝՝ը եւ հանդիսատեսը եղաւ քայքայիչ հիւանդութեան լուրջ հետեւանքներուն, ուստի գրեց՛՛ Կեանքի ու Մահուն Երգեր՝՝ը:
՛Գողութիւն՝ բանաստեղծութեան պատկերին մէջ կը նկատենք ՛Կիսամութին մէջ հոգիիդ պիտի իջնեմ այս իրիկուն.՝ Գաղտնօրէն պիտի քամ գողի մը պէս. Բնականաբար գողերը երբեք չեն յայտներ նախապէս իրենց գալուստի ժամը. Պիտի իջնամ մինչեւ հոգիիդ խորքերը, պիտի գողնամ վարդ աղուափթիթ տուն տանելու համար: Որքան ուժգին է իր բանաստեղծութեան մտապատկերը՝ ըմբռնումը՝ ու համոզումը՝ իր երազին հասնելու համար իր թափած ջանքերը՝ ի վերջոյ իր սիավառ կանչերը եւ կը յաւելցնէ ՛Պիտի արդեօք վշտանա՞ս դուն ...՝ Ո՝չ , քանի որ դեռ վաղուց մտերմութեան կապեր հաստատած է իր սիրականին հետ, վարանումի տեղ չէ տրամադրած այս տեղ , այնուհանդերձ, իր շքմեղութիւնը կը ներկայացնէ անպատեհութիւն պատճառելուն համար, չէ որ դեռ գիշեր է, վարդ գողնալու տեղն ու ատենը չէ, բայց կ՝առարկէ ինքնահամոզուած որ գարուն է, ինչպէս ամէն տուն ... ո՜հ, ՛Իմ տունըս, տե՜ս, ծի՛լ մը չունի ...:՝ կ՝ըսէ ազնուօրէն, խրահուսելով տե՜ս բային վրայ աղերսագին կուզէ ըսել հեղ մը գթայ իմ վրայ : Վերի տաղերը՝ կախարդական են. Հէք տղան իր դալար հասակին մէջ որբի մը պէս սիրոյ կարիքով ՛՛քանի մը վարդ՝՝ կը փնտռէ, նոյնիսկ մօտալուտ մահուն ահազանքը իր կուրծքին տակ կը հեւայ: Ո՜րքան յուզում ու քռքռում կը յարուցան է այս սիրատենչիկ տղան մեր սրտերուն մէջ:
Յովհաննէս Ասպետ Ասատուրեան
Post a Comment