Tuesday, July 25, 2006

Լօլա Գունտաքճեան։ Մազերդ

Մոմին ու հովին խաղերը այս իրիկուն
Կը յիշեցնեն այն վայրկեանը երբ
Ցօղ մը ցոլաց մազերուդ մէջ
Շուք մը – սեւ – մազերդ գանգու՜ռ։

Ի՞նչ օգուտ աչքերս «բաց» երազել.
Մեր վերջին հանդիպումը
Թափանցեց մինչեւ խորքս։
Արդեօք սու՞տ մըն էր։

Բա՜յց տեսա՛յ շրթներուդ ժպիտը
Զգացի՛ աչքերուդ փայլքը
Շօշափեցի՛ հոգիդ որը
Կատղեց ներքին աշխարհս։


Լօլա Գունտաքճեան Յունիս 12 2006

No comments: