Showing posts with label Sako Aryan. Show all posts
Showing posts with label Sako Aryan. Show all posts

Monday, March 14, 2011

Սագօ Արեան։ ՆԱ՜՜՜ՊԱԱ*..

Առաւելագոյնը կրնայի պոռալ այս քաղաքին համար.
Որուն արգանդին մէջ,
Պահուած են հլուններ կապոյտ ու սեւ.
Բացարձակ ճիշդին հասնելու իմ փորձերս,
Պիտի կախուէին անոր նեղ ու սեւցած շէնքերէն...
Ուր ես բանտարկեալի տեսքով,
Անթրաշ եւ ոխերիմ,  
Պիտի զմռսէի հայոց պատմութեան վերջին հերոսներուն մորուքները ծնոտիս...
Պիտի փակցնէի յիշատակներս անոր փայտեայ ու հին պատուհաններուն,
Ու յետոյ
Չարաճճի բարձրանայի հօրքուրիս տան  երրորդ յարկը
Հետեւելու  հեռուն կեցած պաղեստինցի արձակազէնին...
Նապաա.՜՜՜՜
Ինչքան երազներ կը քնանան մէջդ հիմա,
Ու ես հիացկոտ աչքերով կը չափեմ փողոցներուդ երկարութիւնը...
Պատերդ կը խառնուին իրարու,
Եւ Պաղեստինի համար
Արիւն թափած ֆետայիներուն լուսեղէն ժպիտը կը խառնուի
Լաւագոյն տղոց խինդին ...
Պատը հին է
Հոն Մուսա Սատըրի բարակ պատկերը կայ,
Կայ եւ հօրեղբայրս
Որ յիշողութեանս զարդատուփը պիտի բանայ
Քանի մը սպիտակ խաղալիք երկարելու ձեռքերուս...
Կայ թալանուած մանկութեանս վերջին ճիչը
Նապաաա՜՜՜՜
Կայ եւ պատերազմը
Անհոգ ու մարդասպան
Երբ բոլոր երաժշտութիւնները  կը դադրին,
Ես պիտի փոխակերպուիմ նոր մորթուած սպիտակ  աղաւնիի
Երգելու համար կարօտդ ....
Գէշ արդուկուած շապիկներս պիտի հաւաքեմ,
Լաթերս բերեմ պատշգամներէն,
Ու Օսաննա հօրքուրիս  պատրաստած փիլաւին մէջ հալիմ
Իբրեւ ծուէն կարօտի
Նապաա՜՜՜, ես քանի ընկեր կորսնցուցի
Բոլորը հեռացան այս ափերէն,
Ու տուին ինծի լեզուն որ խօսիմ ...
Տուին լեզուն հին ու նուիրեալ,
Որպէսզի՝
Չպոռամ
Պիտի չպոռամ ձեր երեսին,
Մուր պիտի չքսեմ ձեր երեսներուն,
Հէ՜յ, դուք անբանաստեղծ անտարբեր
Պիտի չլամ առաջուան պէս
Ես եկայ յաղթելու համար,
 Նապաա՜՜՜,
Ես յաղթած եմ ընդհանրապէս,
Ու մեղքերս քաւելու  մի սպասէք
Որով ես բոլոր վէրքերը դրած եմ ուսապարկիս մէջ
Որպէսզի հեռացումի պահերուն
Չըսեն Սագօն փախաւ առանց լուրի:

 Նապաա՜՜, դուն պիտի մնաս
Բոլոր օրկանիք փոփոխութիւններուն դիմաց
Բոլոր արեւմուտքի բոզութեան դիմաց
Պիտի դառնաս իմ փարվանան,
Հոն ես մանկութիւնս պահեցի,
Մանուկ աչքեր,  մանուկ թաթիկներ
Մանուկ հասակ
.....
Նապաա՜՜՜՜
Երազներս թող չխանգարեն քու քիւրտ
Եւ ասորի բնակիչներուդ ահագին անդորրը
Ես քեզմէ լուացուելով  կ'անցնիմ
Ու զարմանալի  չէ որ երեսս պիտի լուամ մզկիթիդ առջեւ,
Խնդրելու  ողորմութեան վերջին դասը .....
Զիս ալլահը կը լսէ
Զիս քու ալլահդ է որ պիտի լսէ,
Ես կը փոխեմ սլաքներս դէպի քեզ
Աղօթքի ժամերս կը սրբագրեմ
Այտերս կը լուամ
Ու ծունկի  կու գամ արեւելքիդ համար,
Վիրաւոր արեւելքիդ՝ Նապաաա
Նապաա՜՜՜ զի դու ես ճանապարհ.
Քանի -քանի ֆետայիներ եւ  իմամներ քեզմէ անցան
Որովհետեւ հոն էր երկրին բանը
Աղքատներուն էր տրուած երկրի խօսքը
Մնացածը  բուճ էր Նապաա՜՜՜։

Այսօրը աղօթելու օր է,
Ել անհաւատի աղօթքդ թափէ Նապաայի առաստաղներէն ...
Հոգ չէ որ  ընկերներդ արեւմուտք կը վազեն,
Կը վազեն ՝ մեծ մսաղացին,
Փինք Ֆլոյտի մենծ մսաղացին մէջ մտնելու
Հոգ չէ այս ախտը,
Դուն սեղան պիտի նստիս իմամներուն եւ աղքատներուն հետ....

Նապաա՜՜
Դուն պիտի մնաս հարազատ իմ քաղաքս
Ուր ամէն մեղքէ յետոյ,
Սրբելու համար մարմինս ծունկի եմ գալու
Իմամ Մուսա Սատըրի պատկերին առջեւ
Գրկելու համար մանկութիւնս ....
Գողցուած ու հեռացած
Թալանուած ու պատերազմէն վիրաւոր մանկութիւնս
Նապաա՜՜՜՜ հզօր ես։

Քաղաքս ես։


Սագօ Արեան
Պէյրութ

ՀՈՐԻԶՈՆ, Փետրուար 2011

* ՆԱՊԱԱ: Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտի կից գտնուող շրջան, որ  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանին բնական սահման էր դարձած, հայկական շրջաններուն եւ Պաղեստինեան դիրքերուն միջեւ: Նապաա արաբերէն կը նշանակէ աղբիւր:


Tuesday, October 19, 2010

Սագօ Արեան: ԹԱՓՈՒՐ ՊԱՐՏԷԶ

Սուրճին հոտը,
Եւ Ֆէյրուզին բարալիկ ձայնին
Արձագանքները կը մտնեն ռունգերէս
Ձեւափոխելու համար կործանումդ եւ որոնումներդ
Ստայօդ:
Նստած եմ քաղաքի պորտին,
Բայց ոչ մի քաղաք,
Ոչ մի պատկանում
Ոչ մի..
Օրը կը կիսուի,
Եւ սուրճի բաժակը ձեռքիս
Կը վառեմ երազներս մայթերուն վրայ,
Նայելով կը նայիմ անոնց դէմքերուն
Բանաստեղծութիւնը պիտի որ փրկէ
Ժամանակս Կորուստի
Ու ելլէ վեր պատուհանէն...
Հազարաւոր դէմքեր կը զառնուին աչքերուս
Եգիպտացի պահակը սեւ թէյ կը վայելէ,
Ես եմ հոս թաղին տէրը կ'ըսէ....
Երեսուն երկու աստիճան է շոգը,
Երեսուն երկու Ըմ Քալթում կը ժպտան դէմքին վրայ,
Այն ալ սեւ Բէրսոլ ակնոցներ դրած:


Զանազան թերթեր կը մնան ցուցափեղին,
Լոսէն եկած երկու Պըրկընսթոք հագած հայեր կը
Խօսին իրենց ապագայի ծրագիրներուն մասին:
Փորշ մը կը սուրայ.
Պատուհաններս կը մաքրեն,
Դէմքս կը սրբեն անէծքներէն,
Երազներս կը դնեն պահարաններու մէջ
Կը ծալլեն զիս
Կ'երկարեն մարմինս գլխաւոր ընդուրանին մէջ.
Կը խօսին իմ բառերով
Կը նիհարանան իմ բառերով
Կը ծնրադրեն իմ բառերով
Մարմինս թեւանցուկ կը տարուի այլ տեղ
Բայց ես կը կառչիմ բանաստեղծութեան փրկիչին
Որ չի լքեր անունս .....
Մեղքէ- մեղք կը հագուիմ նոր շորեր
Ակռաներս կը մաքրեմ,
Ու բերանս կ'օծեմ նոր աղօթքներով
Որ հաւատամքը չկորչի:
Նապաստակները երազ չունին այսօր,
Կինս կը բաւէ այս բոլորին համար.
Ձեր պատերազմին կը մղեմ զաւակներս,
Եթէ բառերս ծամէք
Եւ հալէպէն բերուած ծոթրին խառնէք
Պիտի ստանաք նոր ցաւին իմաստը...
Ապերախտ բանաստեղծութիւնը սակայն պի՞տի
Երկարէ իր մագիլները ճանկելու զիս:
Ես մեռեալներուն համար չեմ գրեր
Չեմ գրեր անոնց համար որոնք ճանապարհը կէս
Թողուցին ու հեռացան ընդհանրապէս:
Ես կը խորշիմ լոյսերէն,
Բայց կը սիրեմ նստիլ այդտեղգաֆէին ծայրը
Լսելու ձայները բոլոր:
Հայրենիքս կը կոչուի Պուրճ համուտ,
Հոն հազիւ մէկ ու կէս բանաստեղծ կ'ապրի:
Այս բոլորը կարմիր կամուրջէն առաջ:
Ուր միտքեր եւ գաղափարներ կը զառնուին
իրարու...
Եւ Էքսփրէսո սուրճին հետ կաթիլ կաթիլ
Կ'իյնան Սանթէք հարիւր սէսէանոց բլասթիքէ
բաժակներուն մէջ.
Որոնց գինը պայմանագրային չէ
Նման այս բանաստեղծութեան որ ղրուշ շահելու
քաջութիւնը չունի այսօր.
Գուցէ յետ մահու:
Չունի կամքը ճամբորդելու
Գուցէ յետ մահու:
Չունի կամքը լինելութեան .....


Բանաստեղծութիւնը,
Խօլ մրրիկներուն կը խառնէ զիս
Մինչեւ ե՞րբ պիտի խառնէ զիս .....
Հայրենիքս է Պուրճ Համուտը,
Հոն մէկ ու կէս քերթողներ հազիւ կ'ապրին .
Մէկը որ չի լսեր ձայնս,
Կամ կոյր կը ձեւանայ
Եսկը բռնանամ ստեղնաշարին
Որ խօսի իմ լեզուովս,
Լեզուս չունի հռչակագիր,
Լեզուս չունի փառատօն,
Լեզուս չունի նահատակուելու կարողութիւն
Շքերդ, յուշատօն կամ դաշտահանդէս...
Լեզոււս այս քաղաքի մայթերէն կ'առնէ իր սնունդը, Յաւիտենական սէրը բաշխելով
Եւ աղօթելով ձմրան յղի ամպերուն որ ցորենի հասկերը մաքրեն փոշիէն.
Սեպտեմբեր է,
Քաղոց ժամանակ...
Մարդիկ հունձքի հաւատքը իրենց աչքերուն
Կը շտապեն հողի կարօտին.
Կարօտը որուն բոյրը ես գիտեմ...
Երբ անձրեւի կաթիլները կ'իյնան աւազին
Եւ խնձորեսքի յիշատակի դամբարաններուն վրայ՝
Արարատ Թրվանցը օղիի շիշը կը պարպէ
Աղօթքի փոխարէն .....


......


Հիմա,
Այս ապերախտ սուրճի բաժակին քրտինքի կաթիլները,
Պիտի աղարտեն յիշատակը մեծ պոռթկումներուն
Պոռթկումներ որ իմս են,
Պոռթկումներ որ փոխանցուած են սաղմիդ,
Ընկերներուս հեռանալէն ի վեր,
Ու ես անընկեր,
Մշակած եմ նոր որթատունկը արգանդիդ մէջ,
Ուր ծալլապատիկ ծլարձակուած են աչքերս
Նայելով դէպի վեր...
Ու խնդալու Թոմ Էնտ Ճէրիիի նոյն ճակատագրային կռիւներու վրայ...
Խնդալու առաքինութիւնը ահա ես փոխանցած եմ ապագայի երթին.
Ու ինչ հոգ եթէ երազներս չեն աճիր ու կը մնան գաճաճ,
Ու ինչ փոյթ որ ես յաճախ պատերուն նայելով կը ծակեմ երեւակայութեանս երկինքը
Կը խօսիմ գրաբարեայ մածունը բերանիս
Կը խօսիմ յանուն գրաբարեայ աղօթքին
Կը խօսիմ յանուն գրաբարեայ անհաւատութեանս
Եւ հաւատամքիս ...
Ես լռութեան մէջ կը սեղմեմ ձեր ձեռքը,
Որպէսզի բռնէք անոր Կարմիր թելը եւ հաւատաք բառին:


....


Լեզուս իմ հայրենիքս.
Ինչքան ուշանան անոր տօները,
Ինչ փոյթ այս ղարիպութիւը
Ինչ փոյթ այս առանձնական ժամանակները,
Երբ տեղ մը անպայման լեզուս պիտի բնակի ձեր մէջ....
Լեզուս հայրենիքս է:
Ամէն որբ ու մինակ օրերուս ,
Լեզուս Էտվիլ է, թթի օղի,
Եթէ ուզէք Րաբիտուս որ մօրս արիւնը կը վերածէ ջուրի.
Քալելու համար, Մաքառելու համար
Այս թափուր Պարտէզին մէջ,
Այս Սփիւռքին,
Լեզուս....










Սագօ Արեան


Friday, June 18, 2010

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ։ ՄԵՂԱՒՈՐ ԵՍ, ՅԱՐՈՒԹ ԿՈՍՏԱՆԴԵԱՆ


Անձրեւին չեկար,
Ծխամորճդ մնաց պատուհանիդ մօտ
Եւ ծառերը պարտէզիդ ծաղկեցան մինակ ու անտէր:
Կին մը կարմիրով, ժպտաց մուսայիդ
Ու պատմեց հին սիրահարկոտ աչքերուդ մասին...
Ու ինչ լաւ որ վերջին բարեւ մը չտուած կը հեռանաս մեզմէ...
Մինչ մենք յոգնած դէմքերով
Այս քաղաքի կամուրջներուն տակ կը փորձենք վերագտնել պատմութիւնդ:
Յիմար բանաստեղծ մինչեւ երբ պիտի փորձես փոխել այս աշխարհը...
Հասնիլ ու ըլլալ անոր մաքառումներուն կեդրոնը
Սիրել եւ ատել նոյն ատեն,
Փրկել եթէ պէտք ըլլայ,
Խաբել, ու պոռթկալ առանց յոգնելու:
Առաջ գոնէ պոռնիկ մը կը համբուրէր ճակատը սէգ Չարենցին,
Եւ նիհար բարակ մատներուն` մուսայի բոյրը կը քսէր կապոյտ:
Ես հայրենիք չունեցայ պիտի երգէր ուրիշ մը, եւ սահմանադրութեան 
տառերուն մէջ ու սալոններուն` ստախօս
քննարկէր արեւմտա-արեւելահայ ըլլալուն մասին:
Կարծելով որ օր մը անցագիրը հայրենիք պիտի դառնար իրեն ու ինք աճէր 
այդ անցագրի թաւիշին մէջ:
Սարսափ մը այսօր,
Սարսափ մր հիւանդ խօսքի ժահրէն...
Սարսափ մը այսօր սուտ բանաստեղծիկներէն,
Անոնցմէ որ գրասեղաններու ետին նստած սուրճի գաւաթով 
ազգի ճակատագիրը կորոշեն...
Շը՜ ՜ ՜ ՜ ՜ րրրրրրրրրրրրրրխխխկկկ կը փակուի դուռը
Բայց ո՞ւր են հերոսները,
Ո՞ւր գացին ասպետները այս քաղաքին
Բոլորը մեռա՞ն:
Սարսափ թուղթէն,
Սարսափ անոնցմէ որ եարերու եարայէն լալկանօրէն բղձկալով
Թուղթին հետ նստած թուղթ կը խաղան...
Մունետիկներ քուն ու արթմնի
Փշուր-փշուր Պէյրութը գինիի փշրուած շիշ է հիմա,
Անոր յատակին շատ մը մեռելներ,
Եւ շատ արիւն անոր մայթերուն....
Ու սուրճի յախճապակեայ փայլուն բաժակները կը շարուին պատշգամբը
Ըմպելու համար կաթիլ մը երազ սուրճէն,
Յիշելու եւ կարդալու համար հին երգերը Յարութ Կոստանդեանին...
Սարսափ թուղթէն,
Այսօր չեմ աղօթեր որ ազգը բանաստեղծութեանս նոր հատորը տպէ,
Ու հիւանդներուն մօտ չտպագրեն գրածներս ու ածական 
կամ մակբայ չաւելցնեն:
Մոռցեր եմ գիրքս, մոռցեր եմ փուռը
Մոռցեր եմ մեծ մամային կաթնապուրին համը,
Ռոզիկ քոյրիկին մարթատէլով հացիկները
Մոռցեր եմ Մոնթէ Կարլոյի խօսնակին բխրուն ձայնը
Մոռցեր եմ պատերազմը...
Ո~հ ինչ երկար է սա անէծքի սփիւռքը 
եւ ինչ մեծ են անոր վէրքերը մարմնիս մէջ...
Տես մատներէս լոյս կը ցաթի
Ու տես աղօթքներս տղուս բերնէն հրուշակի պէս 
կը բացուին կեանքի ափսէին մէջ...
Ըլլար լիճ մը առանց Պետրոս Դուրեանի ու ես ծռէի հոն
կաթիլ մը աղի արցունք խմելու...
Այս քաղաքի գոյները կը ճանչնամ ես,
Կը ճանչնամ անոր խենթերուն անունները
Կը ճանչնամ անոր աղաւնի թռցնողները
Հնակարկատները եւ սեւով ճերմակի վրայ գրողները...
Կը ճանչնամ անոր պատշգամբներու կեցած 
ու փաթթելէն հալած-մեռած տղոց անունները...
Կը նայիմ անոնց աչքերուն մէջ
Ու աղօթքի տեղ կանաչ տերեւ կը տեսնեմ. . .
Ու կը ճանչնամ յիմար սիւնները Պաալպէքի որ չեն ուզեր շարժիլ 
գոնէ մէկ անգամ:
Կը ճանչնամ անոր սիրուած երգիչները
Գիտեմ անոր շատրուանները որոնց տակ
Կարապետ Այանեան եւ որդիք Մակնիշը կը կարդամ:
Կը ճանչնամ Պէյրութը ո~վ բանաստեղծ
Ես չեղայ Փարիզ, հեռու Փրովանսի լեռներուն գոյնը չեմ տեսած,
Ոչ ալ արուարձանը այն ուր շատ հայրենակիցներ ունիմ.
Ունիմ ընկերներ հատ ու կենտ ու խոստացեր եմ 
անպայման մի օր գալու եմ տղերք:
Ես կը ճանչնամ Պէյրութը
Իմ մէջ լեզուն կը փլուզի այսօր
Եւ քաոստները մէկ մէկ հասակ կառնեն
Իմ մէջս,
Գրադարանները կը փլին 
որպէսզի ապրի բանաստեղծութիւնը տաք հացի պէս,
Մեր թաղին ծայրը ամէն օր կարմրող հացին պէս
Որ հին օրերուն հացին չի նմանիր...
Ես սերմի հունտեր կը ցանեմ պատշգամբիս մէջ...
Որ առաւօտը ծիծաղով բանայ աչքերս
Որով ես կը սիրեմ կեանքը,
Հունտը կը գունաւորէ մեղքերուս հին դարանը
Ու չվերջացող սա սփիւռքի պատուհանէն 
կը նայիմ վերադարձի կայարաններուն...
Ու ցանած հունտերս, որ մը պիտի չուզեն հոս ապրիլ
չճանչնալու համար այն բաները որ ես ճանչցայ...
Սփիւռքը որուն դեւն եմ այսօր,
Շը՜ ՜ ՜ ՜ ՜րրրրրրրրրրրրրրրրխկ կը փակեմ 
ազգային պատուհանի ապակին,
որ չմսիմ
ու անգամ մըն ալ չծռիմ Պետրոս Դուրեանի արցունքներէն խմելու:
Ես կեդրոնն եմ Պէյրութին 
Ան որ հայրենիք կը փնտռէ Լոս կամ Մոնթրէալ 
Հէյ սուտլիկներ
Հայրենիքը մէկ է. . . .
Փրովանսի լեռներու բնակիչը
Որ աքսորեալ մեռաւ
Գիտէր ըսածս 
Գիտէ ըսածս: