Tuesday, January 16, 2018

ԱՒԵՏԻՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ: ԻՂՁ

Գիշեր է խաղաղ, լուսնակը ժպտուն,
Ուրախ է նորէն, քանի նոր մարդիկ
Երկրէն են եկած իրեն այցելու
Քար են տանելու, գուղձեր մեծ պզտիկ։

Մտքերով կորած, յանկարծ զգացի,
Թէ հոգիս թռեր գացեր էր այցի
Հայոց աշխարհի հեռաւոր ափեր,
Վանքերը մեր հին, օճախներն աւեր։

Քար կը փնտռէի, սրբացած տաշուած
Խոյակներ սիրուն, քանդակներ խաչքար։
Սիրտս քարացած, արցունքս սառած
Մնացի թախծոտ, դիտեցի երկար…

Պատարագ էր սա, թէ թաղման թափօր,
Կը լսեմ հեռուէն մեղմ Տէր Ողորմեա,
Կիսափուլ վանքէն, եւ մար տաճարէն
Կը հնչեն զանգեր… կ՚երգեն Ալէլուիա։

Կ՚ուզեմ անպայման տանիլ ինծի հետ,
Նմոյշներ քարի, վէմի, քանդակի։
Թող մարդիկ գիտուն, ջահակիր մտքի,
Որմնադիր բանուոր ու ճարտարապետ։

Մարդկային խղճի տարրալուծարան…
Թող քննեն զանոնք, չափեն տեսնելու
Թէ որքան խորունկ սէր եւ պաշտամունք
Ունի իմ ազգը հանդէպ Աստըծուն։

Թէ որքա՜ն հաւատք, արիւն, տառապանք,
Խառնած է հայը, շինելու համար
Բարձրաբերձ բերդեր, մատուռ ու տաճար,
Նարեկայ Սուրբ վանք, շքեղ Ախթամար։

Կ՚ուզեմ ես յայտնել ամբողջ աշխարհին,
Ինչպէս անցեալին, եւ նաեւ այսօր
Աւերող ձեռներ, անխիղճ, տմարդի,
Կը պղծեն տաճար, կը դարձնեն ախոռ։

Բայց յանկարծ մտքիս կը ծագի նոր լոյս.
Այդ ե՞րբ է եղած օտարներէն յոյս
Հայու ժիր ձեռքով, մե՛նք պէտք է կերտենք
Վաղուայ յարութեան շքեղ արշալոյս։

Տեսիլք ունեցող ուխտեալ, անվեհեր,
Զաւակներն ցեղիս, ամբողջ սփիւռքի,
Ու վերածաղկող երկրին հայրենի,
Որպէս վերածնած Առիւծը Մհեր։

Կառուցեն նորէն շքեղ անսասան
Մարութայ մեր հին, Սուրբ Աստուածածին,
Մոխիրէն յառնէ որպէս վեհ փիւնիկ,
Յաւերժական ազատ Հայրենիք։


(«Անի» պարբերագիրք, Պէյրութ)

10 մարտ 1971

Monday, January 15, 2018

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ: ԱՆՁՐԵՒԸ

Անձրեւը նոյնն է,
ընկալումը՝ տարբեր:
Յորդառատ անձրեւին տակ
ամեն կողմ թափթաց է:
Այդ անձրեւոտ երկնքին տակ,
մարդ կայ՝ թախիծով համակուած,
մարդ ալ կայ՝ հրճուանքով:
Այն մարդը, որ թախիծով կը համակուի՝
մռայլ տրամադրութեամբ կը պարուրուի,
անձեռնհաս ու անգործունեայ
կը սեղմուի իր պատեանին մէջ
եւ պայծառ օրերու յիշողութեամբ
ու կարօտի զգացումով,
անհամբեր կը սպասէ
վառ արեգակնային օրերուն:
Իսկ այն անձը, որ հրճուանք կ՚ապրի՝
ի տես անձրեւային ամպոտ երկնքին,
առանց կաշկանդումի կը շարունակէ իր ուղին,
որովհետեւ օրհնութիւն կը համարէ
երկինքէն տեղացող իւրաքանչիւր կաթիլ
եւ կը հաւատայ, թէ ՝
ի՜նչ ծիածան առանց անձրեւի…:

Անձրեւը իր կարգին կը շլմորի.
իրմէ արցո՞ւնք, թէ շնորհքն է որ կը ծորի…:


Sunday, January 14, 2018

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ: ԵՐԿԻՐԸ ԵՐԿԻՐ (Չ)Է

«Դրամ չկայ»,
«Փող չկայ»,
«Էս՝ կեանք չի».
յետոյ ալ՝
«Էս երկիրը երկիր չի».
կրկնեցին
Հա կրկնեցին:
Գոց եղանք,
կշտացանք,
յագեցանք
նեղացանք
հիասթափեցանք.
—Օ՜ ուրեմն այն չէ, ինչ որ լսած էի,
այն չէ, ի՜նչով մեծցած էի…
խաբուա՞ծ էի…

Ամառ.
զբօսաշրջիկներ,
ծանօթներ՝
Հոսկէ-հոնկէ.

«Չկարծես որ մեր քովը դիւրին է»,
ըսաւ ֆրանսահայը.
«Գիշեր ցերեկ կ՚աշխատինք,
հազիւ հազ կը հասնինք»:

«Օ՜… ի՛նչ շուտ վերջացան զբօսաշրջիկութեան օրերս
Հիմա ետ պիտ՚ դառնանք մեր իշու կեանքին»,
ըսաւ ուրիշ սփիւռքահայ մը:

«Մենք ալ վարձք ունինք,
Տուն ունենալը այդքան ալ էական չէ, այլեւս»,
յորդորեց ուրիշ մը:

«Նիւթական դժուարութիւնը երբե՛ք պիտի չտկարացնէ ձեզ:
Նիւթական նեղ պայմաններու մէջ կը ծնին հանճարներ»,
զրոյցի ընթացքին ըսաւ այցի եկած սփիւռքահայ գրողը:

«Էս երկիրը երկիր չի»
Դեռ կը կրկնեն, հա՛ կը կրկնեն
ՉԵՄ ԼՍԵՐ.
կ՚ողջագուրեմ Զինք.
Ինք՝ հիւանդ.
Ես՝ անկար: