Saturday, December 13, 2014

Իգնա Սարըասլան: ԼՕ

Ա.

Օր մը թռչունները պիտի գաղթեն
Եւ ծաղիկները պիտի թառամին Լօ
Օր մը այս բոցերը պիտի մարին
Եւ քու գեղեցկութիւնդ պիտի անհետանայ Լօ
Մի մոռնար թէ ծառերը ծիլ չեն արձակեր աշնան
Լոյս երազներու քաղցրութիւնը ձեռքերուդ մէջ
Գինի բուրող առանձնութիւնս փշրէ Լօ
Կաթիլ մը պատրանք թափէ ապրումներուս մէջ
Պատանքի պէս ցուրտ մարմինս տաքցուր Լօ
Մի մոռնար թէ կարօտի զեփիւռ մը կը փչէ սրտիս մէջ
Կրակ շրթներդ շրթներուս մէջ թող հանգչին
Կաթնային մարմինդ սրտիս աւազանին մէջ թող լողայ
Մկաններու միջեւ թափառող ջիղի մը նման եկուր Լօ
Թեւերուս աղեղին մէջ տարփանքը ըմպէ համբոյր համբոյր
Մի մոռնար թէ երակներուս մէջ արիւնը քեզի համար կ՚եռայ
Օր մը թռչունները պիտի գաղթեն
Եւ ծաղիկները պիտի թառամին Լօ
Օր մը քու գեղեցկութիւնդ պիտի անհետանայ
Եւ իմ անունս ալ պիտի մոռցուի Լօ
Մինչ մեր սէրը սերունդներու շրթներուն վրայ պիտի անմահանայ
Օ՜ Լօ - Օ՜ Լօլա - Լօրա


21 3 1963


Ե.

Ծունկի եկեր եմ
տես
կը պաղատիմ Լօ
Մի մեղադրեր զիս
մեղքցիր դիցուհիս
Սրտիդ մէջ
բազկաթոռ չեմ ուզեր որ բազմիմ
անշուք անկիւն մը շնորհէ
կը բաւէ
Սրտիդ մէջ
անձայն անշշուկ կը նստիմ-
կը կծկուիմ
Եթէ արտօնես
արիւն կ՚ըլլամ երակներուդ մէջ կը շրջիմ
սրտիդ սէր
երակներուդ տենչ կը սփռեմ Լօ
Բայց օր մըն ալ չըլլայ որ
Անհրաւէր հիւրի մը պէս զիս վռնտես
Չըլլայ որ զիս սրտէդ նետես Լօ
- Նայլըն գաւաթ չեմ որ -
Ջարդ ու փշուր կ՚ըլլամ ես
Օ՜ Լօ - Օ՜ Լօլա - Լօրա
29. 7. 1965


Զ.

Դուն
կիթառներու լարերուն պէս
երկար մազեր ունիս Լօ
եթէ Քեզ չճանչնայի
- ով գիտէ -
թերեւս կիթառներու հեծկլտուքը պիտի սիրէի
Դուն 
մութ քարայրներու պէս
սեւ աչքեր ունիս Լօ
եթէ Քեզ չսիրէի
- ով- գիտէ -
թերեւս քարայրներու մթութիւնը պիտի պաշտէի
Օր մը
կիթառիդ վեցերորդ լարին նման պիտի լամ
եւ քարայր աչքերուդ մէջ արցունքի կաթիլ մը պիտի ըլլամ
Այն ատեն
շրթներուդ վրայ թառամող ժպիտի մը նման
պիտի մեռնիմ
պիտի մեռնիմ
պիտի մեռնիմ Լօ
Թող սրտիդ մէջ թաղեն զիս
Սրտիդ մէջ - սրտիդ մէջ թող թաղեն զիս
Օ՜ Լօ - Օ՜ Լօրա - Լօրա
30. 7. 1965

No comments: