Tuesday, December 09, 2014

ՐԱՖՖԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ։ Ձօն Վերապրող Ծաղկին

Սիրոյ ջահը վա՛ռ պահեց, այդ ﬔծ մարդը վիրաւոր,
Սիրոյ առաքեալ էր ան, թէև մանկուց վիրաւոր,
Կեանքի ծիլ օրերուն արդէն` դէմ էր մրրիկին սասկահով,
Ամպրոպն անքամ չկրցաւ այս ծիլը քանդել արմատով։

Վերապրո՛ղ էր, վերապրո՛ղ, հազիւ ծլած` պոկուա՛ծ,
Պոկուած` հազի՛ւ իր նեկտարն ﬔղուի սրտին դիպած,
Քշուած անդի՜ն արմատը կախ, դէպի խորթ ծաղկանոցին,
Որ թօշնի որբացած` նեկտարն տալով օտար փեթակին։

Վերապրո՛ղ էր, վերապրո՛ղ, մրրիկներու կամքին հակառա՛կ`
Այդ ծիլն դարձաւ ծաղիկ, ու ապա կեանքի սիրերգակ,
Ու նոր կեանք սերմանեց իր տոհﬕ՛կ արմատներէն կիսելով,
Կիսեց անդադա՛ր, մէ՜կ առ մէկ, ﬔ՛ծ խնամքով, թել մ՛իսկ չխնայելով։

Վերապրող էր, ոչ լոկ իր անցեալով, այլ բոլո՛ր կեանքով արի,
Վրդովանքի մէջ` այս ծաղիկն դարձաւ հոմանիշը պայքարի,
Հողէն քաշեց յոյսի և հաւատքի ցանցառ սնունդներ`
Եւ բեղﬓափոշին սփռեց չորս դին` որպէս ոգորման հունտեր։

Արդ հանգչած է ան, այս խորթ հողին տակ, անտունի,

Վերապրող այդ տիտանը կը սնուցանէ դե՛ռ ﬔզ,
Պայքարողներո՛ւ կարօտը ունի` իր պայքարը անաւա՛րտ,
Մինչ ատենօք ձախո՛րդ մրրիկը դե՛ռ կ՛ոռնայ անհանդարտ։


Թորոնթօ, Քանատա

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է Ազդակ օրաթերթին մէջ

No comments: