Յովհաննէս Ասպետ։ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին առթիւ Ձօն Հայոց Լեզուին
Հրաշածին ներշնչման մը մէջ վերին,
Քաղցրահնչիւն այբուբենը Մեսրոպեան,
Իջաւ հայոց երկիր լոյսն երկնածին,
Կերտելով վերելքն մեր ոսկեդարեան:
Գանձն երկնային ես դեռ մանուկ հասակին,
Հայոց լեզուի հնչումին մէջ սորվեր եմ,
Տառն իմ առաջին ու երգն իմ սրտին,
Ես իր աւիւնով յար ներշնչուեր եմ:
Թէեւ եղեր են անհեշտ ժամանակներ,
Ես արտասաներ եմ լեզուներ օտար,
Որ անոնք ինծի համար երբեք չեն եղեր,
Հեղ մը՝ հոգեհարազատ ու սրտավառ:
Դուն իմ քաղցրահնչիւն լեզու ոսկեղինիկ,
Դուն նուիրեալ հիասքանչ սուրբ մատեան,
Դեռ պատանի օրէն հարազատ ու բնիկ,
Մենք եղեր ենք մտերիմներ անբաժան:
Դուն մեր այգեստանը մշտադալար, բեղուն,
Դուն հազարումէկ բարբառներու լիաստան.
Մեղմաձայն շունչ մը ունի մեր հայոց լեզուն,
Երկնային լեզուներու համանման:
Յովհաննէս Ասպետ
Սոյն բանաստեղծութիւնը քաղուած է «Սիրոյ Քնար» ի էջերէն
No comments:
Post a Comment