Tuesday, December 06, 2016

Վահան Թէքէեան։ Ապրի՞լ թէ ոչ երազել

Ապրի՞լ թէ ոչ երազել,-- չլուծեցի՜նք հարցը դեռ.
Վայելքը ո՞ւր փնտըռել, երազի՞ն մէջ թէ կեանքին,
--Չվճռեցի՜նք տակաւին... Ու մինչեւ Ժամը վերջին
Այս մեծ խնդիրն, ո՛վ հոգիս, վըրադ ըլլայ պիտի բեռ...

Քանզի երազն էր կեանքէն աւելի դիւր ու հեշտին,
Եւ իր արշաւն ալ ՝ անծայր, դաշտէ ի դաշտ, լեռնէ ի լեռ.
Եւ ունէր ինքը միայն գոց դուռներու բանալին,
Որոնց ետեւ լուսասփիւռ կային գանձեր ակնայեռ։

Մենք սիրեցինք երազին երթալ ճամբէն ծաղկալից,
Մինչեւ անդունդը երբեմն, մինչեւ բարձունքը երկնից,
Ու, խե՜ղճ հոգիս, երկուքէն ալ սպառա՛ծ ետ դարձանք։

Զի երազին վէրքերուն կեանքը չեղաւ բալասան,
Եւ յոգնութեան ալ կեանքին չեղաւ երազն ապաստան.
Չառինք երազ մը կեանքէն, ու երազէն չառինք կեանք...։


No comments: