Wednesday, December 07, 2016

Վահան Թէքէեան։ ՊԱՌԱՒ ԱՂՋԻԿ

Պառաւ աղջիկ, ո՞վ պիտի հոգիիդ խորը պահուող
Չորցած անուշ երազին անուշութիւնը գիտնայ...
Ո՞վ քու սրտիդ մէջ պահուած տաճարներուն լուսաշող
              Պիտի ուխտի գայ հիմա…։

Պառաւ աղջիկ, երբ պզտիկ աղջիկ էիր տակաւին`
Ինչեր, ինչե՜ր յուսացիր. – այր ու զաւակ, լեցուն բոյն,
Քենէ սերած ցեղ մ'ամբողջ, որուն էիր տիրուհին՝
               Արքայամօր մը հանգոյն...։

Եւ դուն հակեր ես հիմա ցածուկ հորի մը վերեւ,
Տունի մը մէջ անբընակ` սպասելով որ անցնի
Ջուրին մէջէն դէմքն անոր, որ անցեր է, արդարեւ,
              Կեանքէդ՝ քայլով մը գաղտնի...։

Կ՛ուզես ճանչնա՜լ գոնէ զինք. 
 Ո՞վ էր, ինչպէ՜ս էր արդեօք։
Ետ չի՛ դառնար։ Բայց ինչո՞ւ... Եւ ահա հոն, պատին քով,
Ջուրին մէջէն կը տեսնես սահիլ-անցնիլն արտորնօք՝
              Դագաղիդ վառ մոմերով...։



1941


Վահան Թէքէեան, Հատընտիր, Պէյրութ 1978


No comments: