Monday, December 26, 2016

Յովհաննէս Ասպետ։ ՑՈԼՔԵՐ

Մօտեցի՜ր կարօտովը հոծ ըղձանքներուդ,
Որ հասնիմ տենչանքներուս վարդենիքին.
Լեցուր տարփագին հուրքը՝ բաժակին,
Որ ըմպեմ արեւաշող թովչանքն ցոլքերուդ:

Շնչէ հոգւոյս մեղմահոս մեղեդին,
Որ ան ըլլայ գգուանք մը գորովագին.
Նորանոր սարսուռներ տուր հուրքերուս,
Որ գերերջանիկ շնչեմ օդը՝ թոքերուս:

Յովհաննէս Ասպետ

24/01/1998


ՑՈԼՔԵՐ բանաստեղծութիւնը երկար ժամանակի եւ աշխատանքի արդիւնք է, որու կառուցման համար հարկ էր գործի դնել հոգիի, սրտի, մտքի, արուեստի, գրչի ուժերը: Նոր ոճ եւ նոր բանաստեղծական ձեւաւորումը նորութիւն մըն է Հայ բանաստեղծութեան մէջ: Եթէ առիթը ունենանք ապագային պիտի ցուցաբերեմ բանաստեղծական նոր սերունդ մը՝ նոյն ոճի եւ ձեւաւորումի տակ ինչպէս Ցոլքեր բանաստեղծութիւնը: Ուրեմն սիրով եւ հաճոյքով կը նուիրեմ սոյն բանաստեղծութիւնը Հ. Բ. Հ. ին, թող ան ձօն ըլլայ մեր գործակցութեան իրազեկ վկան: Նոր տարուայ շեմին իմ խորին երախտապարտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ, յատկապէս քու իրագործած ջանքերուն, ես վստահ եմ որ օր մը դուն պիտի քաղես պտուղը՝ քու աշխատանքին: Այս պատեհ առիթէն օգտուելով կը շնորհաւորեմ երջանկաբեր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը եւ կը մաղթեմ բարգաւաճ եւ բեղուն Նոր Տարի մը: Իմ յարգանօք բարեւները՝

Յովհաննէս Ասպետ

No comments: