Sunday, April 28, 2019

Նորա Պարութճեան։ ՁԵՒ ՉՈՒՆԻՄ ԸՍԵԼՈՒ



երբ գաս վրաս գծելու
այն վայրկեանին որ մոմի պէս կը հալիմ
բռնած կ’ըլլաս յատակս
ու պէտք չըլլար ձեռքերուդ լոյս բռնելու
երկաթաշունչ մկաններս լեզուախաղի պէս ճարպիկ
կ’ելեւէջին պարապութեան մէջ խօսքին   
ու կը հանգչին ձեւին մէջ քու գիծերուդ
մորթերը կ’իյնան մէկիկ մէկիկ եւ արագ
վախէն անկրկնելի զօրութեան
որ ինկած տեղն երբ իր տեղը չգտնէ
փախուստի պէս անճար փոշի կը ձգէ

ես ձեւ չունիմ ըսելու
կարծրանալիք յուզիկութիւնը մաշկիս
կ’երթան պահերն անգութ ծլարձակման
երբ ըլլալուն մէջ յարատեւ մանուկ մը նոր
անարտօնեալ պարոյրին մէջ կը մտնէ
 մոռցուելու
ձեւ չունիմ զայն քեզի ըսելու

կը ջրիկնայ շիկացումը ժամերուն
ու երբ հանգին ժամերը
իբրեւ միւռոն կը ծորի ան դղրդալէն
պատերուս դէմ զարնուելու
փախուստ չունիմ ու
ձեւ չունիմ ըսելու


No comments: