Նորա Պարութճեան։ ՅԵՐԻՒՐԱՆՔԻՆ ՏԱԿ
յերիւրանքին տակ լուսէ
թիւր բերկրանքով
ստուերներու շէկ դերձաններ կը մանէ
ոչ երդիքը
ոչ ալ պատերն չորս բոլոր
սիլուէթին բախտին համար հոգ կ’ընեն
ճմռթկուած դրօշի պէս
կը շարժտկի ծածանելու հովերով
ատենօք փախուստ տալ կ’ուզէր
բարի կամք մը զինք պայտեց կարմրաւուն բառերով
հիմա վեր-վար
ոսկորներէն մէկէն միւսին
ցատկռտելով արիւնին մէջ չխեղդուիլ կը փորձէ
ու տակաւին չէ հասկցած որ
խայծը մարդուն բջիջին մէջ կը վերածուի կրակի
ինք յանցաւոր եղնիկի պէս
գազանին դէմ կը փռուի
իր մարմինին պատասխան մը գտնելու
ու մորթին տակ հաւաքուածը
հոսեցնելով նուաղումի հալումին
դէպի ներքեւ դէպ’ խորխորատ կը սահի
ալ յոգնած է
ճեղք-ճեղք մատին ծայրերէն
վերջին փուշերն կը ցցէ
իր մնալը մեկնելէն ետք ձգելու
ան եղած էր նրբահիւս
լարերու վրայ պարելու պէս ապրելու
բայց լարերը
հիւանդացած ստամոքսի հիւսկէններ
այսուհետեւ նոր ախորժակ չեն շալկեր
No comments:
Post a Comment