Saturday, April 18, 2020

ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ


Յարգելի Հ.Բ.Հ.-ի հետեւորդներ եւ հայրենակիցներ, սիրով կը ծանօթացնեմ ձեզ. Այս օր առաւել եւս հաճութիւն սրտի՝ Յովհաննէս Ասպետ իր գրիչի յօրինումով կու գայ ներկայացնել իր մշակած երգն ու տաղը, հայ գրասէր ընթերցողներուն ընձեռելով Կրակ ու Մոխիր-ի հատորը – հեղինակին երկար տարիներու մէջ հիւսած գրական արուեստին նոր ոստայնը:
Իսկոյն, ան հեղինակն է երեք քնարերգական գործերու: Իր անդրանիկ գործը՝ Սիրոյ Քնարը-ը 2005-ին իր ծննդավայր Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է, Անհետ Շաւիղներ-ը 2017-ին, եւ առաւել եւս անոնց կը հետեւի Կրակ Ու Մոխիր-ը: Իր բովանդակ գործերը այս երեք գրքոյկներուն մէջ կ՛ամփոփուին եւ անոնք մէկը միւսին բաղկացուցիչ ու լրացուցիչ հանգամանքը ունին, իրար շղթայուած են եւ անոնց ընդհանրական անուանումը կը կոչուի Սիրոյ Քնար:
Կրակ ու Մոխիր-ի գեղարուեստական յղացումի ենթահողերը, արմատները, տիրապետող ուժերը՝ տարիներու հոլովոյթին մէջ զտուած են: Անոնց մասին կրնանք ըսել որ արուեստագիտական նախասիրութիւններ են՝ որոնք ճոխացուցին իր տաղարանը սիրոյ երգերով: Իր քնարին քերթուածները՝ իմաստով խիտ ու խորհուրդով լի են, եւ հեղինակին ինքնութեան դրօշը կը կրեն:
Կրակ ու Մոխիր-ի քնարերգական գրկոյքը լոյս տեսած է 28 Փետրուար 2020-ին. Յովհաննէս Ասպետի գրիչի ստորագրութեան տակ։ Այս հաճելի առիթը՝ գրականասէր հասարակութեան գրական նորոյթ մը կ՛ընծերէ:




Ծանօթացման եւ տեղեկութեան համար դիմել իրեն՝ իր համացանցի հասցէին. jean.asadour@free.fr եւ կամ 06 30 16 75 12 հեռախօսային միջոցներով




Յովհաննէս Ասպետ






No comments: