Յովհաննէս Ասպետ` ՄՏԱՀԱՃՈՒԹԻՒՆ
19 Մարտ 2018
ՄՏԱՀԱՃՈՒԹԻՒՆ
Միտքս իր սիրոյ կանչերով հարբուն,
Ո՜հ, եթերային յայտնութիւն.
Շահարիկներ զարմանահրաշ
Ու գերարփուն, եկան ու ինձ տարին
Դուռը իր պարտէզին,
Մուտքը արքայական ծաղկաստանին.
Գունեան փունջեր զարդարուն,
Կլանումն անոնց հիւթը բուրումեան.
Կանացի ցոլքերը աչքերուն
Կը թափանցեն ալիք առ ալիք
Իմ մթամած խորքերուն.
Բացի դռները իր գաղտնիքներուն,
Ու պատմեցի իր քմայքին հաճոյ,
Իշխանի հէքիաթները սիրոյ.
Վառեցի աշտանակները իր մոմերուն,
Խորհրդամած եւ հոգեսուն
Սքանչելիքներ արձակող
Գեղանի շլացքներուն.
Քաղեցի անձկանօք տենչանքին,
Միահամուռ համբոյրը յամրագին,
Խանդաղատանքին մէջ փափկասուն.
Ընդհատեցի խօլ վազքն
Երկարող ձանձրոյթին,
Յանձնեցի հարաւի մեղմաջերմ հովերուն՝
Որ մարէր լոյսը լապտերին,
Ու տուի ողջոյնը՝ սրտաբաց կարօտին:
Յովհաննէս Ասպետ
No comments:
Post a Comment