Tuesday, October 06, 2020

Վաչէ Տէմիրճեան։ Մեր աշունը

աշուն է Փարիզ

աշուն է հոգիս

ոսկեգոյն տերեւներ
հանդարտ կը ծփծփան

կը թափին
ասդին անդին

մայթերը ծածկելով
աշնանային գոյներով

անարեւ երկինքէն
անձրեւը կը մաղի կաթիլ կաթիլ

ուշադիր նետէ քայլերդ
որպէսզի չսահիս

աշուն է Արցախ
աշուն է հոգիս

մետաղեայ տերեւներ
վայրագ կը թրթռան

ու կը տեղան
ամէն կողմէ

մայթերը ծակծկելով
կարմիր վէրքերով

անարեւ երկինքէն
ռումբերը կը տեղան անդադար

ուշադիր նետէ քայլերդ
որպէսզի չի փլուզուիս

աշուն է Արցախ
աշուն է հոգիս

մուս-մութ է
ամէն կողմ

աջ ու ձախ
կրակ ու բոց

շուներ կատղած
հասան սարէն ու ձորէն

ռումբերուն ձայներուն հետ
կը ոռնան մինչեւ ուշ գիշեր

աշուն է հոգիս
գիշերները քուն չունիս

մառանի մէջ պահուըտած
անօթի ծարաւ կը մնաս

սառած բայց ոչ մարած
դուն քեզի կը փսփսաս

մոմի լոյսին տակ կ՛աղօթես
մութին մէջ Աստուած կը փնտռես

աշուն է Արցախ
վա՜խ Աստուած վա՜խ

շուները հաչելով
պոչերն կախ ի վերջոյ կը փախին

վերադառձան ճեհենեմ
փա՜ռք Աստուծոյ

ամէն
վաչէ

2/10/20
սէն-մորիս
չի-մեռնիս

No comments: