Saturday, October 24, 2020

Յովհաննէս Ասպետ: ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Սգաւոր այրին, իր փոքր երախան գրկին, 
սեւ զգեստներուն մէջ կու լար իր սիրականին, 
որ զոհաբերած էր իր կեանքը հայրենիքին։ 
Երախտապարտութիւն՝ ամեն մի հայի պարտքն է, 
պատերազմի դաշտին վրայ ինկող ամէն մի հայ զինուորին առջեւ։
Յովհաննէս Ասպետ



ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ՆԱՄԱԿԸ

Հայրենիքի զինուորին մաղթանքն էր.
Սիրելի՛ս մեր սիրոյ օճախը ջերմ պահէ,
Հպա՛րտ եղիր այս փաոաւոր օրերուն։
Մենք բերինք յաղթանակ ու փառք՝
Մեր կեանքի զոհաբերումով,
Մեր ազգի պատիւը փրկելով։
Կռուի դաշտին վրայ մենք ինկանք գետին 
Մահացու վէրքերով.
Մենք կամաւոր եկանք կռուելու,
Երկինք ինձ կանչեց իր մօտ՝ 
Դեռ չապրած նուիրեալ ապագաև։
Կենաց մահու պայքարին մէջ,
Նուիրեցինք մեր անձը՝ նահատակ,
Քեզի՝ մեր անմահ հայրենիք,
Մենք որ արհամարհեցինք մահը 
Վասն հայրենիքի սիրոյն,
Դո՛ւք, մեր ընկերներ, ամո՛ւր պահեցէք մեր դիրքերը։

Մնա՛ք բարով, սիրելի՛ք, մենք կ՛երթանք անդարձ,
Իսկ դուք ապրեցէ՛ք պանծալի կեանք։
Մեր արիւնոտ պատմութեան էջերուն,
Մեր ինկած ընկերներու անունները՝ 
Կրանիտէ քարի վրայ պիտի գրանցուին.
Մեր գոյատեւման պայքարին,
Մենք բերինք մեր բաժինը՝ յաղթապանծ.
Զմեզ միշտ պիտի ռգեկոչեն 
Սերունդներ շարունակ։
Ո՜վ իմ սգաւոր սիրելիս, մի տխրիր 
Առանձնութեան օրերուդ մէջ.
Մեր սիրոյ երախան պահէ՛ ջերմասուն.
Մեր հայերինքը թող ապրի դարէ դար,
Մեր փառք ու պատիւը պահէ յաղթահար։

Յովհաննէս Ասպետ

Սոյն բանաստեղծութիւնը քաղուած է «Կրակ ու Մոխիր-ի» գրկոյքի էջերէն

No comments: