Monday, November 01, 2021

Նորա Պարութճեան։ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ՄՈՒՏՔԸ ԽԱԲՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵԿՈՂԻՆ

 բոլորին վրայ  թքած ունիմ

ըսի երէկ

մէկէն ի մէկ նկատեցի

որ թուք ու մուր չէ մնացած բերնիս մէջ

չարացա՞ծ եմ այդքան արդեօք, տէր Աստուած,

ըսի միտքէս 

ու սկսայ մեղմիկ-մեղմիկ մրթմրթալ 

աղօթքիս շիթերը իմ կողմս շպրտելով

ինչո՞ւ քնքոյշ երազային ու մոռացկոտ խօսքերս 

անպէտքութեան զգացումէն տժգունած

կը ծուարին մարմինիս մէկ անկիւնը

մինչ բաց դաշտս անպաշտպան կը յանձնուի նենգութեան

որ բիրտ քամիի նման

հողիս վրայ ուռելով 

ընդյատակս մակերես կը քաշքշէ   

հոն կը գծուին ծուռ ու մուռ այլանդակ պատկերները բառերուս 

հոն կը փռուին ծուռ ու մուռ բզկտուած հանդերձները գիրերուս 

ոչ ոք կ’ուզէ մօտենալ համտեսելու դառնութիւնը 

պարարտութեան մուրացիկ

եւ ականջ տալ գաղտնարանիս այլասերած մրմունջին


մեռելատան հիւրասենեակ է թուղթս

կա՜մ կ’արձակեմ քաղցրաբոյր խունկ 

ու մեղեդի քաղցրալուր

շոյշոյելու հեկեկանքն ու զսպելու սուգը վիշտէն պոռթկալ չկրցողին, 

կա՜մ թոյլ կու տամ հեթանոս լացուկոծին

մաքրելու էջը թուղթիս  

ակնկալուած կեղծիքէն


դրանս վրայ՝

ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ՄՈՒՏՔԸ

ԽԱԲՈՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԵԿՈՂԻՆ  








No comments: