Tuesday, November 02, 2021

Նորա Պարութճեան։ ՉՀԱՍԿՑՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒՆ



… ջնջուած բառեր …

օտարացան անդամներս իրարմէ

անջատուեցան մանկութեան դատաստանէն

զիս առինքնեց ճառագայթը երջանկութեան անմատոյց  

ու շոգիին մէջ շիթերուն 

լոգանք առի անկէ թափուող փոշիներով կայծկլտուն

իր հեթանոս ջերմութեան տակ թաւիշէ 

ձգուեցայ անպատմութեան կոյր յուշերուն մէջ անտաշ 

ու սուզուեցայ … սուզուեցայ

մինչեւ յետին մոռացում

զտում զատում ազատում

ու բռնկում երկնածին


նուաճումը գինիս լեցուց արեւով

հաշտուեցայ վերին հետ

ան զիս շատոնց կը սպասէր 

տարիքիս չափ գզգզուած համբերութեան մութ ծայրով

սրբեց անյուսութիւնն աչքերէն 

ու ծռեցաւ 

փսփսալու ականջիս 

պարարտահող քայքայումի մեղեդին 


անյիշաչար վանկարկումը իր երգին

ներելու գերմարդկային կարողութիւն ներարկեց

ես մեռայ միամտութենէս


դուն դիտեցիր զիս պատկերի պէս շարժական

ու հասկցար մարմնիս լեզուն

բայց իմ միտքս

մնաց խորհուրդ չհասկցուած



No comments: