Showing posts with label Moushegh Ishkhan. Show all posts
Showing posts with label Moushegh Ishkhan. Show all posts

Saturday, October 24, 2009

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ՀԱՅԸ

Նիւ Եորքէն Փարիզ, մինչեւ Սահարա,
Մինչեւ Հնդկաչին
Հայ կայ ու չկայ…
Ունկնդիր օտար ձայներու կանչին
Աշխարհատարած հայն ամենուրեք
Արքայ ու ծառայ…
Հայը տարագիր այսօր վառ արեգ,
Վաղը՝ լուսնկայ
Եւ դեռ բօթաբեր հողմունք ու ամպեր
Երկինքին վրայ.
Երկրի երեսին, Սփիւրքը վկա՛յ,
Հայ կայ ու չկայ…
Հիւսիսէն Հարաւ, մինչեւ Արեւմուտք,
Մինչեւ Արեւելք,
Անցեալի արցունք, նոր կեանքի սիրերգ,
Թոռնիկ ու հանի,
Իրարմէ բաժան, իրար անծանօթ,
Հողմավար ծղօտ,
Աշհարհի սրտին բացուած դառն վէրք,
Հազար նոր երանգ հին ծիածանի,
Հողազուրկ այգի ու ծառ ծիրանի,
Հայը կÿարիւնի,
Հայը կը հալի…

Երկրի երեսին գնա ու գնա,
Սփիւռքը վկայ,
Հայ կայ ու չկայ…


«Արեւամար»

29 Մարտ 1982

Tuesday, December 02, 2008

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ԱՌԱՋԻՆ ՈՂՋՈՅՆ

Ահա կրկին ծագող լոյսին դէմ առտըւան
Փեղկերս փակ կը բանամ լա՜յն ես ցնծագին.
Ահա կրկին կեանքի աղմուկն յաւերժական
Երգ ու խինդով կը լեցնէ իմ բորբ հոգին…
Գիշերը լոկ բաժնեց զիս մե՜ծ այս հանդէսէն,
Բայց կը դիտեմ տարիներու խենդ կարօտով
Անոր ծանօթ եւ դիւթական գոյներն ամէն…
Պատուհանէս՝ որ կը բացուի սիրագորով
Սրտի մը պէս այս աշխարհի հմայքներուն,
Ես կը դիտեմ անյագօրէն եւ հիացիկ
Փողոցն ի վար մարդոց հեղեղն ալեծփուն,
Ճակատը սուրբ սա շէնքերուն մեծ ու պզտիկ
Ես կը գոչեմ սրտիս խորէն բարձրաղաղակ.
Ողջո՜յն քեզ, կեա՛նք, դուն շքեղ փառք,
դուն յաղթանա՛կ,
Ողջո՛յն ցաւիդ, հառաչներուդ ու խաւարիդ,
Ողջո՛յն ծափիդ ու ծիծաղիդ ու լոյսերուդ…
Ինչպէս որ կաս՝ մերթ արտասուք եւ մերթ ժպիտ՝
Դո՛ւն ես միակ ոյժն իրական, խորախորհուրդ,
Ինչպէս որ կաս՝ ես կ՚ընդունիմ քեզ գրկաբաց՝
Թեւերս զոյգ քեզ ընդառաջ այսպէս պարզած։
Ողջո՜յն քեզ, կեա՛նք պատիւ եւ օրհնութիւն,
Որ չմոռցար զիս ալ կանչել քու հանդէսիդ
Անէութեան մռայլ ծոցէն մահահանգոյն
Եւ աչքերուս մէջ վառեցիր լոյսդ վճիտ…
Քառասնամեակն անցաւ արդէն որ ամէն ժամ
Քեզ կը դիտեմ, քեզ կ՚ըմբոշխնեմ եւ կ՚արբենամ,
Բայց կը թուի թէ ես դեռ նոր կը տեսնեմ քեզ
Եւ կը մնամ քեզմով անկուշտ, քեզմով անյագ։
Օ՜ քա՛ղցր կեանք, կախարդ աղբիւր, դալար պարտէզ,
Արեւահոս եւ բազմալար համանուագ,
Որքա՜ն գանձեր ունիս պահած դուն ինձ համար…
Ի՞նչպէս քաղել զանոնք բոլորն ալ անխտիր.
Կը նահանջեն մատներս թոյլ ու դողահար
Եւ ժամանակն է խուսափուկ ու դաւադիր։
Ես կ՚ուզէի վերածընիլ ամէն վայրկեան,
Կրկին անցնիլ ճամբաներէն, ուր քալեցի.
Ես կ՚ուզէի ըլլալ միշտ նոր հանդիսական
Աշխարհիս մէջ ամէն նորոգ լուսաբացի.
Նոյն լացը լալ, նոյն ժպիտով երջանկանալ,
Նոյն վէրքերէն արիւնոտիլ յաճախակի,
Ես կ՚ուզէի, կեա՛նք, քեզի հետ յաւերժանալ…
Տո՛ւր ինձ ըլլալ քու յորձանքիդ մէջ հանապազ,
Ընդխառնուիլ առօրեայիդ աղմկայոյզ,
Դառնալ հզօր քու արշաւիդ անբաժան մաս,
Տուր ինձ, ո՛վ կեանք, քեզ միշտ սիրել խելակորոյս…
Թող զիս ներկայ գտնէ ամէն կենդանի կանչ
Քու ճաճանչող ճամբաներուդ վրայ բոլոր,
Մարտէ ի մարտ թող խոյանամ ես աննահանջ
Քու անողոք պայքարներուդ իբրեւ զինուոր.
Աշխատանքի ակօսներուդ մէջ անհամար
Հոսի առատ ճակտիս քրտինքն արգասաբեր,
Թող զիս կոչեն գեղեցկութեան սրընգահար,
Կամ առաքեալ գաղափարի լուսանըւէր.
Թող զիս կոչեն մերթ սիրահար եւ մերթ գինով,
Միայն թէ, կեա՛նք, քեզ միշտ գրկեմ զոյգ թեւերով։

Ողջո՜յն քեզ, կեանք


Պէյրութ 1958, Տպ. Լա Ֆոթոյ-Բրէս

Tuesday, November 18, 2008

Մուշեղ Իշխան։ ԸՆԿԵՐՆԵՐ ԿԱՆ

Որքա՜ն անուշ հոգիներ կան ամէն տեղ,
Սարի քնքուշ ծաղիկներուն պէս բուրեան.
Սարէն հոսող ջուրերուն պէս դիւթական՝
Որքա՜ն կեանքեր կը կարկաչեն սիրազեղ։

Քաղցրալեզու եւ քաղցրասիրտ ո՛վ մարդիկ,
Աղն էք երկրին եւ լոյսը՝ մութ երկինքին.
Ձեզմով հարուստ եւ ձեզմով միշտ երջանիկ՝
Կարօտագին ես կը վազեմ այս կեանքին։

Որքա՜ն բարի ընկերներ կան ամէն դի՝
Ինչպէս խոնարհ պտղատու ծառ թեւաբաց.
Հովերուն դէմ կանգնած իբրեւ սէգ կաղնի՝
Որքա՜ն ձեռքեր կը բարեւեն քեզ յանկարծ։

Ո՛չ մէկ գինի, բարեկամնե՛ր աննման,
Ձեր բարութեան, ձեր արութեան համն ունի.
Օր մը գուցէ այս աշխարհէն կշտանամ,
Բայց ձեր կարօտն իմ մէջ յաւէտ կ՚արիւնի։

Որքա՜ն անձեր, որքա՜ն գանձեր կան մեր
շուրջ, Ճառագայթի եւ աղօթքի պէս արդար.
Հոգեճաշակ համբոյրի պէս սրբաշունչ՝
Որքա՜ն նայուածք քեզ կը գրկեն գաղտնաբար...

Մ. ԻՇԽԱՆ

1961

Tuesday, October 28, 2008

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ՀԱՆԳՍՏԱՑԱ՞Ւ

Ըսին՝ մեղք էր, հանգստացաւ,
Ազատեցաւ վերջապէս,
Կեանքը կեանք չէր, այլ վիշտ ու ցաւ
Ու հառաչանք աղեկէզ։

Ի՞նչն է հանգիստն ու ի՞նչը ցաւ
Յաւերժական քունին մէջ,
Ուր ոչ տենչ կայ, ոչ ալ ծարաւ
Տառապողին համար խեղճ։

Հանգստացաւ…Օ՜ ի՜նչ հեգնանք,
Երբ իր շրթներն աներեր
Դամբանին պէս կը մնան փակ
Եւ չեն ըսեր՝ «փա՜ռք քեզ, Տէր»։


Յունուար 2, 1990
"Իրիկնալոյս Ռումբերու Տակ"

Friday, October 17, 2008

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ԹՈՌՆԻԿ ՀԵՌԱՒՈՐ

Թոռնիկ սիրական, թոռնիկ հեռաւոր,
Ես քեզ չեմ տեսած, բայց կ՚ըսեն որ կաս.
Օրօրանիդ մէջ կը ննջես անդորր,
Գուցէ կը ժպտիս, գուցէ եւ կու լաս։

Դուն աշխարհ եկար, երբ ես կը մեկնիմ,
Իրարմէ հեռու, ծովերով բաժան.
Ես պիտի չըլլամ պապիկ մտերիմ
Եւ քու ծաղկումիդ երջանիկ վկան։

Երբ դուն կը նետես քայլըդ առաջին,
Նոր իջած քու մօր խանդակաթ գրկէն,
Ինչպէ՜ս կ՚ուզէի սիրով ցնծագին
Բռնել քու դողդոջ կակուղ թաթիկէն։

Օ՜ ճակատագիր… դառնալ մեծ հայրիկ.
Բայց չկարենալ անուշ ձագուկին
Լսել նորազարթ բառերը քաղցրիկ
Եւ զինք կուրծքիդ դէմ սեղմել կաթոգին։

Թոռնիկ սիրական, ո՛վ թոռնիկ երազ,
Պապիկդ անծանօթ արդ կրնայ միայն
Օրհնել քեզ հեռուէն, որ ծաղկիս, մեծնաս
Եւ պայծառ պահես ճրագը մեր տան։


Դեկտեմբեր 20, 1989
"Իրիկնալոյս Ռումբերու Տակ"

Saturday, August 30, 2008

Մուշեղ Իշխան: Գարնան անձրեւին

Click here for the audio clip Under the Spring Rain read by Lola Koundakjian.

Ապրիլիան զոհերու յիշատակին

Տեղա՛, անձրեւ, օրհնութեան պէս աւետաձայն,
Արտ ու արօտ կանանչ յոյսով լեցուր անվերջ.-
Քու կենսախայտ համբոյրիդ տակ կը սարսըռան
Ոսկի սերմեր հողին յղի կողերուն մէջ։

Յիշէ՜, անձրեւ, ամբողջ երկիր մ՛ալ աւերակ,
Ուր մա՛հ է արդ, մոխիր ու մուխ ու լռութիւն…
Արիւնաբոյր շէնքերուն մէջ պահ մը հիմակ
Օրօրէ սուգն իր սարերու ոգիներուն…

Իջի՛ր, անձրե՛ւ, վարդաջուրի պէս հոտեւան.
Թող ծաղիկներ բաժակն իրենց քեզ երկարեն,
Ամպերէն վար հոսի ժպիտ ու ծիածան
Եւ թող պայթին գինով ճիչեր թաւուտներէն։

Գիտե՜ս, անձրեւ, Ապրիլի հարս ծառերուն պէս
Ի՜նչ հասակներ տապալեցին գիշեր մ՛անհուն…
Ա՜հ, պուտ մը ջուր հասցուր անոնց, այդ լեռնադէզ
Անապատի տապէն պապա՜կ ոսկորներուն…

Հոսէ՛, անձրեւ, սիրերգի պէս հարսանեկան.
Սրտերն ահա կ՛ընդխառնուին լարերուդ հետ
Եւ բերկրութեամբ եւ հեշտանքով կը լիանան
Ճերմակ տուներ՝ տարափիդ տակ խաղաղաւէտ։

Հիմա, անձրե՛ւ, ծեր պանդուխտներ կան ամէն տեղ,
Որ յուշերու ցուրտ կրակին դէմ կը մսի՜ն…
Անոնց խարխուլ հիւղակներուն վրայ թիթեղ՝
Թափէ երազն իրենց հօտի ոտնաձայն…

Եկո՜ւր, անձրե՜ւ, աղօթքի պէս թաղմանական.
Ես կ՛ուզեմ լալ մանուկի տաք աչուըներով
Այնքա՜ն ուրախ տօնին համար սա յո՛րդ գարնան
Եւ կեանքերուն՝ որ ինկան մերկ եւ անգորով…



Մուշեղ Իշխան

Monday, June 23, 2008

Մուշեղ Իշխան։ Տասնըերկու տարի վերջ

Տասնըերկու տարի վերջ, իբրեւ պարոն մ՛արդէն մեծ,
Ես կը մտնեմ սրտաթունդ՝ դպրոցէն ներս մեր նախկին,
Ուր բացուեցաւ իմ առջեւ գիրերու լոյսն առաջին,
Ուր մանկութիւնս իմ ամբողջ պայքարեցաւ, երազեց։

Տասնըերկու տարի վերջ նոյնն է նորէն ամէն բան…
Ահա՛ սեղանըս մաշած, ուր հետքեր կան մատներէս.
Ծառերն ահա՛ պարտէզին, որ եղան թառ յաճախ մեզ,
Եւ մեր հին զանգը խոշոր, որ կը կանչէր դասարան…։

Ո՞ւր էք, դէմքե՛ր սիրելի, անցեալի քա՜ղցր ընկերներ.--
Ամայութի՜ւն է չորս դիս. հոս ո՛չ ոք զիս կը ճանչնայ,
Հոս, արդ, օտար մանուկներ կը ցատկռտեն անտարբեր։

Դպրոցն իմ շէն օրերու ինչպէ՜ս տըխուր է հիմա…
Կարծես ամէն կողմ մահուան իջած է սուգն ու քամին,
Կարծես այցի եմ եկած անցեալիս գորշ դամբանին…։


Mouchégh Ishkhan (1913-1990)