Monday, June 23, 2008

Մուշեղ Իշխան։ Տասնըերկու տարի վերջ

Տասնըերկու տարի վերջ, իբրեւ պարոն մ՛արդէն մեծ,
Ես կը մտնեմ սրտաթունդ՝ դպրոցէն ներս մեր նախկին,
Ուր բացուեցաւ իմ առջեւ գիրերու լոյսն առաջին,
Ուր մանկութիւնս իմ ամբողջ պայքարեցաւ, երազեց։

Տասնըերկու տարի վերջ նոյնն է նորէն ամէն բան…
Ահա՛ սեղանըս մաշած, ուր հետքեր կան մատներէս.
Ծառերն ահա՛ պարտէզին, որ եղան թառ յաճախ մեզ,
Եւ մեր հին զանգը խոշոր, որ կը կանչէր դասարան…։

Ո՞ւր էք, դէմքե՛ր սիրելի, անցեալի քա՜ղցր ընկերներ.--
Ամայութի՜ւն է չորս դիս. հոս ո՛չ ոք զիս կը ճանչնայ,
Հոս, արդ, օտար մանուկներ կը ցատկռտեն անտարբեր։

Դպրոցն իմ շէն օրերու ինչպէ՜ս տըխուր է հիմա…
Կարծես ամէն կողմ մահուան իջած է սուգն ու քամին,
Կարծես այցի եմ եկած անցեալիս գորշ դամբանին…։


Mouchégh Ishkhan (1913-1990)

No comments: