Monday, June 16, 2008

Զարեհ Խրախունի: Ծորակ

Երբ ծորակն է աւրուած
Մէկ կողմէ
Կաթիլ կաթիլ ծով կ՛ըլլայ
Միւս կողմէ
Ոչ լիճ ոչ ծով կը դիմանայ
Եւ կամ ալ
Ջրամբարը բերնէ բերան
Այդպէս լեցուն կը մնայ
Եւ անդին
Մարդիկ ծարաւ
Դաշտերն երաշտ կը մահանան կը կենան...

No comments: