Monday, June 09, 2008

Պէպօ Սիմոնեան։ Փողոցին Շունը

Անքուն գիշերուան լռութիւնները
յանկարծ հազացին,
ոռնոց մը հասաւ հեռուի հովերէն.
հո՞վն էր, թէ՞ շունը, որ կ՛ոռնար ուժգին…
կարծես հարազատ էին որ՝
կը հառաչէին…։

Փողոցը խաղաղ կը ննջէր հիմա
մութին մէջ անեզը…
ու լռելային փողոցներէն
երաժշտական մեղեդիի պէս
հառաչանքները
կու գային հանգչիլ սենեակիս անլոյս
լուրթ որմերուն մէջ…։

Քնած թէ արթուն խոկս կը յուշէր,
- փողոցին շունը
նոյն պահուն կը ննջէ
նոյն պահուն կը հաջէ…։

Բայց փողոցին հետ շունը արթուն է…
ոչ ոք կը խածնէ, - խածան շուն մը չէ,-
որ մեր դրացի Փիլիկ աղբօր պէս
շողոքորթ ալ չէ…
կը հաջէ միայն երբ կ՛ըղձայ այդպէս…
երբ ներսէն եկող մարմաջը անզուսպ
կը ստիպէ հաջել…
իմաստուն ձայն մը կարծես կը քսուի
շուրջի ձայներուն
երբ ան կը հաջէ…

Հառաչէն հաջին բազմագոյն շուներ կը մէկտեղուին հոն…
բազմութիւն կազմած
կ՛անցնին փողոցէն կամ մայթին կանգնած
կը սպասեն թարթափ
մէկը անծանօթ, որ գուցէ երբեք պիտի չգայ հոն…
իրենց սպասած անծանօթը չէր
փողոցին շունը,
որ անժամանակ կը հաջէր հիմա…
կը հաջէր անզուսպ գռեհիկ ոճով
ու գռեհկաձայն
հայհոյանքներու տարափին տակէն
կը փախչին անոնք
անյայտն սպասող անծանօթները։

Կը մնայ մինակ փողոցին շունը,
որ կը սլքտայ փողոցին ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը
իր խարիսխին մօտ։
Երբ մինակ է ան, կը հաջէ մեղմ
ու ես կը լսեմ գիշերուան խորէն
լռութիւններու խոր անդորրներէն
իմաստուն ձայնը, որ մեղեդիի պէս
անուշ կը հնչէ
- Ես նոյն պահերուն
կը ննջեմ անխռով…
եւ նոյն պահերուն
կը հաջեմ անխոց…
- երբ շուրջս չկան անծանօթ շուներ
շարժող ու շաչող…։

5 Ապրիլ 1999

No comments: