ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ԱՌԱՋԻՆ ՈՂՋՈՅՆ
Ահա կրկին ծագող լոյսին դէմ առտըւան
Փեղկերս փակ կը բանամ լա՜յն ես ցնծագին.
Ահա կրկին կեանքի աղմուկն յաւերժական
Երգ ու խինդով կը լեցնէ իմ բորբ հոգին…
Գիշերը լոկ բաժնեց զիս մե՜ծ այս հանդէսէն,
Բայց կը դիտեմ տարիներու խենդ կարօտով
Անոր ծանօթ եւ դիւթական գոյներն ամէն…
Պատուհանէս՝ որ կը բացուի սիրագորով
Սրտի մը պէս այս աշխարհի հմայքներուն,
Ես կը դիտեմ անյագօրէն եւ հիացիկ
Փողոցն ի վար մարդոց հեղեղն ալեծփուն,
Ճակատը սուրբ սա շէնքերուն մեծ ու պզտիկ
Ես կը գոչեմ սրտիս խորէն բարձրաղաղակ.
Ողջո՜յն քեզ, կեա՛նք, դուն շքեղ փառք,
դուն յաղթանա՛կ,
Ողջո՛յն ցաւիդ, հառաչներուդ ու խաւարիդ,
Ողջո՛յն ծափիդ ու ծիծաղիդ ու լոյսերուդ…
Ինչպէս որ կաս՝ մերթ արտասուք եւ մերթ ժպիտ՝
Դո՛ւն ես միակ ոյժն իրական, խորախորհուրդ,
Ինչպէս որ կաս՝ ես կ՚ընդունիմ քեզ գրկաբաց՝
Թեւերս զոյգ քեզ ընդառաջ այսպէս պարզած։
Ողջո՜յն քեզ, կեա՛նք պատիւ եւ օրհնութիւն,
Որ չմոռցար զիս ալ կանչել քու հանդէսիդ
Անէութեան մռայլ ծոցէն մահահանգոյն
Եւ աչքերուս մէջ վառեցիր լոյսդ վճիտ…
Քառասնամեակն անցաւ արդէն որ ամէն ժամ
Քեզ կը դիտեմ, քեզ կ՚ըմբոշխնեմ եւ կ՚արբենամ,
Բայց կը թուի թէ ես դեռ նոր կը տեսնեմ քեզ
Եւ կը մնամ քեզմով անկուշտ, քեզմով անյագ։
Օ՜ քա՛ղցր կեանք, կախարդ աղբիւր, դալար պարտէզ,
Արեւահոս եւ բազմալար համանուագ,
Որքա՜ն գանձեր ունիս պահած դուն ինձ համար…
Ի՞նչպէս քաղել զանոնք բոլորն ալ անխտիր.
Կը նահանջեն մատներս թոյլ ու դողահար
Եւ ժամանակն է խուսափուկ ու դաւադիր։
Ես կ՚ուզէի վերածընիլ ամէն վայրկեան,
Կրկին անցնիլ ճամբաներէն, ուր քալեցի.
Ես կ՚ուզէի ըլլալ միշտ նոր հանդիսական
Աշխարհիս մէջ ամէն նորոգ լուսաբացի.
Նոյն լացը լալ, նոյն ժպիտով երջանկանալ,
Նոյն վէրքերէն արիւնոտիլ յաճախակի,
Ես կ՚ուզէի, կեա՛նք, քեզի հետ յաւերժանալ…
Տո՛ւր ինձ ըլլալ քու յորձանքիդ մէջ հանապազ,
Ընդխառնուիլ առօրեայիդ աղմկայոյզ,
Դառնալ հզօր քու արշաւիդ անբաժան մաս,
Տուր ինձ, ո՛վ կեանք, քեզ միշտ սիրել խելակորոյս…
Թող զիս ներկայ գտնէ ամէն կենդանի կանչ
Քու ճաճանչող ճամբաներուդ վրայ բոլոր,
Մարտէ ի մարտ թող խոյանամ ես աննահանջ
Քու անողոք պայքարներուդ իբրեւ զինուոր.
Աշխատանքի ակօսներուդ մէջ անհամար
Հոսի առատ ճակտիս քրտինքն արգասաբեր,
Թող զիս կոչեն գեղեցկութեան սրընգահար,
Կամ առաքեալ գաղափարի լուսանըւէր.
Թող զիս կոչեն մերթ սիրահար եւ մերթ գինով,
Միայն թէ, կեա՛նք, քեզ միշտ գրկեմ զոյգ թեւերով։
Ողջո՜յն քեզ, կեանք
Պէյրութ 1958, Տպ. Լա Ֆոթոյ-Բրէս
No comments:
Post a Comment