Բարսէղ Հապէշեան։ Պուտ մը սփոփանք
Click here for the audio clip Պուտ մը սփոփանք read by Lola Koundakjian.
Բառերն ի՞նչ են՝ սիրակէզ այն
Սրտին համար համայնական,
Այլ եթէ ոչ վատուժ, վտիտ,
Ձմրան շողեր մահաժպիտ...։
Գոյներն ի՞նչ են, բնանկար
Գեշապաշտին վէրքին համար.
-- Հրաբուխի մը եթէ ոչ՝
Լաւաները շիջած ու խոնջ...։
Գրքերն ի՞նչ են միթէ բոլոր,
Որ կուտակուին լեռնահատոր,
-- Այլ եթէ ոչ ուղեկորոյս՝
Ուղեւորին նշոյլ մը լոյս…։
Կիրքերն ի՞նչ են՝ որ կրծոտեն
Մարդոց հոգին որպէս որդեր…
-- Գուցէ խայթ մը, պուտ մ՛սփոփանք.
Գոյութեան դէմ բազմակապանք…։
Բարսէղ Հապէշեան, 1949
No comments:
Post a Comment