Thursday, December 18, 2008

Սոնիա-Սանան: պուրճ համուտ, սալամթաք

ընկերներուս



հազար երազ հազար անէծք պահած մայթեր
հազար անթէն հազար թիթեղ կապած շէնքեր
հազար հազար լուացքի թել շալկած թաղեր
գաղտագողի եւ մուրացկան
հաշիշամոլ եւ բոզարած
քաղաքի լուռ ժամացոյցը
ծոթրինի հում հոտերով
առաւօտեան մութ ժամերուն կը լարեն
մինչ
առնէտները մեծապատիւ
կը սլքտան
երկյարկանի եւ երբեմն ալ չորս յարկանի
զիրար հրող-հրմշտկող
իրար քամակ ծոց ու քրտինք հոտոտացող
պէթոնապատ-պէթոնահամ շէնքերու նեղ մուտքերուն
կը կրծոտեն-կը բզկտեն
կրունկները պուրճի համուտի լխկած կեանքին
կը լզուըրտեն մնացորդաց ինքնութիւնը
հին թաղերուն
տանտէրի պէս գոգնոց կապած
կը տնտեսեն կը լրտեսեն
անցուդարձը
թոյլ յօրանջը
նեղ թաղերուն
եւ
կը սպասեն
լեղապատառ
ճմռթկուած ու անճրկած
քաղաքի ծոյլ զարթնումին

պուրճ համուտ սալամթաք






հազար գիշեր հազար աստղիկ
հազար ալիք հազար երկինք
հազար հազար տանիք անդին
կօշիկներս ես կը փնտռեմ
հեռանալու բաւիղներուդ դարանակալ խորերէն
ուր
զինուեցան եւ զուգուեցան
արմատ դրին ու հեռացան
երիտասարդներ յայտնի անյայտ
կոյս աղջիկներ նամուս պահած
տարիք առած ոսկերիչներ դրամ դիզած
թեւեր առին ու մեկնեցան
պատերազմին չդիմացան
բանբասանքին չմիացան
պայ-պայ ըսին ու հեռացան
եւ մնացիր առնէտներու բեմահարթակ
ծակ շէնքերու քարեվանդակ
սուտ խօսքերու հրովարտակ


պուրճ համուտ, սալամթաք


հազար երազ, հազար մուրազ պահած սրտեր
հազար թախիծ հազար վառ խինդ տեսած աչքեր
հազար անգամ շպարի տուն գացած կիներ
կը միանան պուրճ համուտի թաղերուն մէջ
կը քարոզեն կը հայհոյեն
լեզուն կտրած ազգին ուղին դեռ կ՛որոնեն
սուտ սուտ երգեր կը յօրինեն
օրօր կ՛ըսեն կը քնացնեն
պատերազմէն խուլցած տղոց
տարագրութեամբ մաշած մարդոց
հոգիները դեռ կը ծախեն
ու կ՛արբենան յաւէտ ապրող ժողովուրդի տեսլականով
սակարկուած հաճոյքներու տեսաշարով
action ֆիլմի սուտ զարկերով

եւ կը վազեն լեզունին կախ
քրտնքախաշ ու քարշահոտ
արաբական ռեսթորանի օղին ումպ ումպ կուլ տալու
թավլիի պէս պարահանդէս-երգահանդէս խաղալու



պուրճ համուտ, սալամթաք



եւ Ատվիլի հաստ ու կլոր
փորը տնկած յղի տուփը
ես կը կլլեմ հատիկ հատիկ
որ չցաւիմ
մարմինիս մէջ
թափառական
քաղցկեղի պէս անկասելի
պուրճ համուտի հիւանդագին փողոցներու
ախտավարակ տարածումէն
մէջս հինցած հազար □խուճապ□, հազար կարօտ եւ յիշատակ
մսագործի սուր դանակով ես կը մանրեմ հատիկ-հատիկ
հին սէրերս, արցունքներս ու մազերս
ցրի կու տամ
կուկուզ ըրած
սովահար
առնէտներուն մուրացկան
ճամպրուկիս մէջ ոչ անձնաթուղթ ոչ ժամացոյց ոչ քամերա
ես կը կտրեմ հազար մղոն հազար քաղաք
որ չմեռնիմ
մայթի խոնաւ եզրին մինակ
ուր կէսօրուան ժամը մէկին
սուրճի կու գան
սիկարէթի թոյնէն մարած
երիտասարդներ վիզերնին կախ
շարականի խազէն յոգնած
քահանաներ սեւ սպիտակ
բարձրակրունկ, կարմիր ռուժով
բէտիքիւրի թարմ հոտերով
սիրուհիներ տարիք առած
եւ առնէտներ հազար հազար
գաղթականի ծռած վիզով
կնքահայրի բաճկոններով
սրիկայի ծակ եւ ուռած բազկերակով
հտպիտի պէս ժպտադէմ
պուպրիկի պէս անիմաստ
մեռելի պէս կարեկից

պուրճ համուտ սալամթաք



Սոնիա-Սանան

No comments: