Վահան Թէքէեան: Երջանկութիւնը
Click here for the audio segment Happiness read by Lola Koundakjian
Երջանկութիւնն այս է լոկ...։ Երկու հոգի ըլլալ հոս,
Երիտասարդ ու հարուստ, գեղեցկադէմ, քաջառողջ,
Որ կ՛ունկնդրեն իրարու երբ կը մնան իսկ անխօս,
Եւ իրարմով են ամբողջ...։
Երկու հոգի մէկ տան մէջ, մէկ սենեակի մէջ մինակ,
Երբ իրիկուան լամբարին կը զեղու լոյսն ընտանի,
Երբ տուն կու գայ այրը՝ ծնած բարի աստղի տակ,
Կինն այդ աստղին կը տանի...։
Երկու հոգի, յաւիտեա՛ն խորհրդակից իրարու,
Որ չեն պահեր եւ չունին իրարմէ բա՛ն մը ծածուկ,
Որոնց աչքին բնութեան առեղծուածն իսկ ահարկու
Կը պարզուի անշշուկ...։
Երկու հոգի, Աստուա՛ծ իմ, հազարներու, բիւրից մէջ,
Որոնց մին ե՛ս ըլլայի, ինչպէս մի՛ւսն ալ անիկա,
Ա՛ն որուն դեռ կը պահեմ սրտիս մէջ յո՛յսը անշէջ,
Եւ որ պիտի ա՛լ չգայ...։
Վահան Թէքէեան
No comments:
Post a Comment