Անդրանիկ Ծառուկեան: Հողը Թեթեւ
Հողը թեթե՜ւ գայ ընկեր, ոսկորներուդ վրայ խոնջ.
Հողը թեթե՜ւ ուր գնաց մարմինդ կուլ սեւ փոսին
Գարուններուդ վրայ, կանաչ սէրերուդ,
Մնաց այս քարը դաժան ու մեր արցունքը վերջին:
Հողը թեթե՜ւ - Կ՛ունենա՞յ բայց օտար հողն արդեօք գութ.
Հողը թեթե՜ւ - Դեռ արցունքներուդ ընդմէջէն կ՛ըսէիր
Հողն այս օտար, կարծես սրտիդ, թոքերուդ անկշիռ,
Օդն իսկ ընկեր, ունի ոխու քէն:
Հողը թեթե՜ւ - Ափիս մէջ գորշ ու խոնաւ ափ մը հող.
Ա՜հ տարաբախտ իմ ընկեր, ինչպէ՞ս նետեմ դագաղիդ
Որպէսզի պարտքս յետին չըլլայ նոր վէրք մը այրող
Սրտիս անհայրենիք:
Օտար հողին, օտարական հողին մէջ կռիւ էր կեանքդ
Երէկ, ընդդէմ բախտին աշխարհին:
Հայ ես ընկեր, հայու բախտ, կռուէ նաեւ մահէդ վերջ
Հողիդ համար կորուսեալ ու հողին դէմ այս օտար:
Անդրանիկ Ծառուկեան
No comments:
Post a Comment