Monday, September 10, 2012

Հրանդ Նազարեանց: Ցայգերգ

Ձըմեռ գիշեր։ Կ՛ունկընդրեմ
Վայրագ հովի մըռունչին.
Յորձանքներով թափառիկ
Ճերմակ ձիւներն կը թռչին։

Մեռելութի՜ւն ամէն տեղ,
Անհուն պատանք մը ձիւնի.
Այդ պատանքէն վաղը նոր
Պիտի գարո՜ւնը ծընի։

Հոգիիս մէջ տխրամած՝
Ձիւն կը տեղայ ցընորուն,
Այլ այդ ձիւնէն վերջ, բաբէ՜,
Ո՛չ ծաղիկ կայ, ո՛չ գարուն։



This poem has appeared in the anthology ԱՍՏԵՂԱՀԵՒ ՄԵՆՈՒԹԻՒՆ, a selection of works by Youri Khachadryan, published in Yerevan, 2008. 

No comments: