Friday, September 07, 2012

Հրանդ Նազարեանց


Հրանդ Նազարեանցի Մասին Նոր Հատոր Մը Իտալերէնով 


Լոյս տեսաւ վերջերս  F.A.L. Vision  հրատարակչատունէն,  Հրանդ Նազարեանց, Հաւատարիմ Սիրոյ  վերտառութեամբ հայ բանաստեղծ ու գրող Հրանդ Նազարեանցի մասին հատոր մը, գործը՝ իտալացի գրող Փաուլօ Լօփանէի։ Գիրքը լոյս տեսաւ հայ-իտալացի մտաւորականին մահուան 50-րդ տարելիցին առթիւ։ Հայազգի մեծ բանաստեղծ՝ Հրանդ Նազարեանց, ծնած է 1886-ին՝ Սկիւտարի մէջ. իր ուսումը ստացած է Ռեթէոս Պերպերեանի վարժարանը։ 1900-ին ան կը մեկնի Փարիզ եւ ապա՝ Լոնտոն, իր կրթութիւնը շարունակելու նպատակով: Ան լիովին կը տիրապետէր ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: 

Նազարեանց Պոլսահայ նոր սերունդի գրականութեան առաջին դէմքն է, որ կը մեկնի Եւրոպա՝ հայրենիք վերադառնալու համար: Պոլիս վերադառնալով՝ Հրանդ կը նուիրուի գրական տենդագին աշխատանքի: Փարիզի եւ Լոնտոնի իր կեանքի տարիները մեծապէս սատարած են իր գրական գործերուն։ Ան ունէր անառարկելի ձիրք, բարձր ճաշակ եւ գրական նախաձեռնութիւն։ Հատորին հեղինակը համալսարանի դասախօս է ու պատմագէտ եւ անդամ Պարիի Հրանդ Նազարեանցի անուան ուսումնասիրական կեդրոնին։ Տարիներէ ի վեր կը զբաղի ու կ՝ուսումնասիրէ կրօնական վարդապետութեան եւ հաւատաքննութեան պատմութիւնը։ Հատորին ներածականը գրած է Փրօֆ Հ. Լեւոն Պօղոս Զէքիան։ 

No comments: