Յովհաննէս Ասպետ։ Գարնան Կանչ
Գարուն դու նորէն կը վերադառնաս,
Կեանք ու եռանդով.
Կը տոգորես դաշտ ու ձոր,
Բուրեան ծաղիկներով.
Վերստին զգալ կու տաս քու վայելչութիւնը՝
Մեր սրտերը ոգեւորելով։
Իմ կիսաթոյլ զգացումներս կ՛արծարծես,
Բոց ու կայծով.
Օհ, սիրուն գարուն տար իմ պանդուխտի ողջոյնը՝
Իմ հեռաւոր գիւղիս,
Ու իմ կարօտալի աղերսանքիս,
Պատասխան մը տուր։
Իմ բեկուած սիրտը՝ վերակենդանացուր
Սիրով մ՛ուժգի՝ն,
Որ սլանամ, հասնիմ անսպառ իմ սիրոյն
Տենդոտ համբոյրին.
Ա՜խ, յիշեցուր իրեն ալ, որ վերադառնայ
Իր տունը նախկին։
1964 Այնճար
No comments:
Post a Comment