Սայաթ-Նովա։ Թամամ աշխարհ պըտուտ էկա
Թամամ աշխարհ պըտուտ էկայ, չըթուղի Հաբաշ, նազա՛նի,
Չըտեսայ քու դիդարի պէս` դուն դիփունէն բաշ, նազա՛նի,
Թէ խամ հագնիս, թէ զար հագնիս, կու շինիս ղո՛ւմաշ, նազա՛նի.
Էնդու համա քու տեսնողըն ասում է` վա~շ, վա~շ, նազա՛նի:
Դուն պատուական ջավահիր իս, է՛րնէկ քու առնողին ըլի,
Ով կու գըթնէ, ա՛խ չի քաշի, վա~յ քու կորցընողին ըլի.
Ափսուս վուր շուտով միռիլ է, լուսըն քու ծընողին ըլի.
Ապրիլ էր, մէկ էլ էր բերի քիզի պէս նաղաշ, նազա՛նի:
Դուն էն գըլխէն ջուհարդար իս, վըրէդ զարնըշան է քաշած,
Դաստամազիդ թիլի մէջըն մէ շադա մարջան է քաշած,
Աչքիրըդ` օսկէ փիալա, չարխէմէն փընջան է քաշած,
Թերթերուկըդ նիտ ու նաշտար, սուր ղալամթըրաշ, նազա՛նի:
Էրեսըդ, փարսէվար ասիմ, նըման է շամշ ու ղամարին.
Բարակ մէջքիդ թիրման շալըն նըման է օսկէ քամարին,
Ղալամըն ձեռին չէ կանգնում, մաթ շինեցիր նաղաշքարին.
Յիփ նըստում իս` թութի ղուշ իս, յիփ կանգնում իս` ռաշ, նազա՛նի:
Յիս էն Սայաթ-Նովասին չիմ, վուր աւզի վըրայ հիմանամ.
Աջաբ միզիդ ի՞նչ իս կամում, սըրտէդ մէ խաբար իմանամ.
Դուն` կըրակ, հագածըդ` կըրակ, վո՞ւր մէ կըրակին դիմանամ.
Հընդու ղալամքարու վըրէն ծածկիլ իս մարմաշ, նազա՛նի:
No comments:
Post a Comment