ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ: Whiskey Bar
Քառասուներորդ փողոցի
վրայ թափառական,
ձմրան առաջին
գիշերները.
մութ է փողոցը
ու մութ են
շարք մը
գինետուները։
Երբ դուռ մը բացուի,
մեղեդիները կը փախչին
կարծես խցանահանէ
մ’արձակուած։
Ներսը մարդիկ նստած,
փոքր ու հեռու կ’երեւին
գինետան կարմիր
լոյսին տակ։
Ուր խաւա՛ր է
բառերը կը ճչա՜ն
կարծես տիրելու
անհրաժեշտութեամբ։
Ինչո՞ւ կը փնտռեմ այս մութ
ու ամայի վայրերը. գուցէ
յուշերը այդ գիշերներուն երբ
փոքր տարիքիս, հօրս հետ
հոն ապահով կը զգայի,
շիշ մը գոգա-գոլա
քիմքս կախարդող
ու ականջներս
մինչեւ ուշ ֆլիբըրի
ձայներով դիւթուած։
Հոն ուր գնչու մը
ժպիտով մը վարդեր
կը հրամցնէր սիրահարներուն
իսկ ուրիշ մը՝ նկարահան
Polaroid պատկեր մը
կը փորձէր ծախել։
Քառասուներորդ փողոցի
վրայ թափառական,
ձմրան առաջին
գիշերները.
մութ է փողոցը
ու մութ են
կարգ մը
յիշատակները։
Նիւ Եորք
No comments:
Post a Comment