Thursday, February 07, 2019

Նորա Պարութճեան։ ԳՈՑՈՒԱԾ ԽՕՍՔ

փշրուած ազդր մը՝ մէկ կողմ
պայթած աչքի նայուածքին տակ
դեռ կ’երազէ որ վառելով
պիտի կրնայ հանգուցուիլ
միւս կողմ ինկած յոյսին հետ
(բայց) յօդերէն զրկուած
արմատներն իր լարերուն
ցիր նօթեր են տնանկ ձայնի
որոնց վրայ  երգի հոտ էր սրսկուած ատենին
ատենին սուտի մը չափ imposant էր իր կազմը
կը վայլէր անոր սիրոյն դաւաճանել ինքզինքին

տարտղնուած ոսկրագունդը ծունկերուն
տէր չի կանգնիր արցունքներուն զղջումի
որոնք վտարանդի
ծնրադրումի գութ կ’աղերսեն
որ թափուելով ըլլալու մէ՜ջ գլտորին
ու չներեն ինքզինքին

պատռուելով անջատուեցաւ կարկտնուած բաժինը
բախտի բերնին թուք արձակեց  
խպնեցուց միամիտ սրտիկը անոր                              
որ հաւատաց հինցած մորթին հակառակ
իր մանուկին
ու վերյիշած կաթին բոյրը մոռցուած
նոր ցանկութեամբ մը ճչաց
քակուած ինքզինքին դիմաց

ինքզինքին
գոցուած

No comments: